«Հայք» Հայագիտական Դասընթացքներ՝ «Լարք»ի Մէջ

2016-2017 տարեշրջանի «Հայք» հայագիտական դասաւանդութիւնները դարձեալ տեղի պիտի ունենան «Լարք»ի մէջ (543 Arden Avenue, Glendale, CA 91203), ամէն Շաբաթ օր, Սեպտեմբեր 3էն սկսեալ։

Պիտի դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.

– Դասական հայերէն (գրաբար(՝ առաւօտեան ժամը 8-9.

– Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւն՝ առաւօտեան ժամը 9-10.

– Պատմութիւն հայ իմացական մշակոյթի եւ ինքնութեան՝ առաւօտեան ժամը 10-11.

– Հայ երաժշտութիւն՝ առաւօտեան ժամը 11-12։

Հայերէնով մատուցուող այս նիւթերէն առաջին երեքին դասաւանդումը ստանձնած է հայր Տաճատ Եարտըմեան, իսկ չորրորդինը՝ Վաչէ Պարսումեան։

Փափաքողները կրնան արձանագրուիլ՝ դիմելով «Լարք»ի քարտուղարութեան՝ (818) 500-9997 թիւով։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up