Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Հիմնադրութեան 25ամեակը

Շաբաթ, Օգոստոս 6ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան հիմնադրութեան 25ամեակի հանդիսութիւնը՝ կազմակերպութեամբ միութեան գրական յանձնախումբին, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ մէջ: Բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ դաստիարակ, իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան, իսկ յայտագիրը յագեցած էր գեղարուեստական ծրագիրով, երգով եւ ասմունքով, մասնակցութեամբ միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին եւ մանուկներու պարախումբին:

Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը շնորհաւորեց միութեան հիմնադրութեան 25ամեակը, ապա նշեց, որ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան 25 տարիներու երթը եղաւ այնքա՛ն բեղուն, որ միութիւնը ունեցաւ իր սեփական կեդրոնը, պարբերաթերթը, օրաթերթը, երգչախում-բն ու պարախումբը: Առաջնորդ սրբազանը, մէջբերելով միութեան հիմնի բառերը՝ նշեց, որ իսկապէ՛ս Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւնը, որ հիմնադրուած է իրաքահայերու ջանքերով, «Հայ մանուկին համար եղաւ վահան, երիտասարդին համար՝ հաւատք եւ քաջութիւն»։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց պատուական եւ պատ-մական իրաքահայերը, որոնք մնայուն կերպով զօրավիգ եւ սատար կանգնած են եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up