Միհրան Յարութիւնեան` Ողիմպիական Խաղերու Փոխախոյեան

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի` Հայաստանի հաւաքականի անդամ Միհրան Յարութիւնեան դարձաւ 31-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀԱՕԿ լրատուութեան բաժինէն:
Եզրափակիչին Յարութիւնեանի մրցակիցը սերպ, աշխարհի նախկին ախոյեան Տաւոր Ստեֆանեկին էր: Գեղեցիկ եւ յամառ պայքարը աւարտեց 1-1, եւ քանի որ սերպը վերջին միաւոր վաստակողն էր, յաղթանակը մրցավարները տուին Ստեֆանեկին:
Մինչ եզրափակիչ հասնիլը` առաջին գօտեմարտին, Յարութիւնեան գերազանցած էր եգիպտացի Սալեհ Քահքին` 9:0 հաշուով: Երկրորդ գօտեմարտին Յարութիւնեան 2:1 հաշուով յաղթեց քորէացի Ռիու Հանսույին եւ շարունակեց պայքարը կիսաեզրափակիչին: Իսկ ահա կիսաեզրափակիչին Միհրանը 3-1 հաշուով յաղթեց ատրպէյճանցի Ռասուլ Չունաեւին: