«Շողեր»-ը «Իմ Հայաստան» Փառատօնին Մասնակցեցաւ Լենա Բեգլարեանի Հեղինակային` Փառատօնի Համանուն Երգով
Օգոստոս 5-ին մեկնարկեց «Իմ Հայաստան» փառատօնի Խմբերգային արուեստի օրերը, որուն մասնակցելու համար հայրենիք եկած էր նաեւ Մոսկուայի «Հայորդաց տան» «Շողեր» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեանի գլխաւորութեամբ: Օգոստոս 5-10 ինկած ժամանակահատուածին «Շողեր»-ը համերգ ունեցաւ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, այդ ընթացքին երգչախումբը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, Կոմիտասի անուան թանգարան` կատարելով մեծն երգահանի վերջին ստեղծագործութիւնը` փոքրիկներու համար գրուած «Հայր մեր»-ը: Այս մասին հայերն այսօրին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն:
«Փառատօնին մասնակցիլ կրցաւ հիմնական 20 հոգինոց կազմէն միայն 13 հոգի, սակայն փորձեցինք այնպէս ընել, որպէսզի միւսներուն բացակայութիւնը չազդէ ելոյթներուն վրայ: Փոքրիկներս շատ լաւ ելոյթներ ունեցան: Հանդիսատեսը եւ միւս մասնակիցները համերգներու վերջաւորութեան շնորհաւորեցին, բարձր գնահատանքներ հնչեցուցին եւ ցանկութիւն յայտնեցին նկարուելու «Շողեր»-ու փոքրիկ երգիչներուն հետ»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ «Շողեր»-ի գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բեգլարեան:
ՀՀ Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի միւս մասնակիցները դեռեւս կը յիշէին Լենա Բեգլարեանի ղեկավարած «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» համոյթներու նախորդ տարիներու ելոյթները եւ կը հետաքրքրուէին, թէ ինչու միւսները փառատօնին չեն մասնակցիր: Իսկ հետաքրքրքութիւնը պայմանաւորուած էր նախորդ տարիներուն վերոնշեալ համոյթներու ունեցած փայլուն կատարումներով: Հէնց նախորդ ելոյթներով տպաւորուած` հայրենիքի մէջ գտնուող Եգիպտոսի «Արաքս» երգչախումբի ղեկավարը Լենա Բեգլարեանէն խնդրեց իրենց տրամադրած իր հեղինակած «Գարունդ հայերէն կու գայ» եւ «Մօրս ձեռքեր»-ը ստեղծագործութիւնները: Այսպիսով «Իմ Հայաստան» փառատօնը կը դառնայ ոչ միայն հանդիպումներու եւ իրար կատարումները վայելելու, այլեւ հեղինակային ստեղծագործութիւններով փոխանակուելու հարթակ: Իսկ Լենա Բեգլարեանի համար իւրօրինակ աւանդոյթ դարձած է փառատօներուն ներկայանալ հեղինակային երգերով․ այս անգամ այն «Իմ Հայաստան փառատօն» երգն էր:
«Երգը գրուած էր դեռեւս 2014 թուականին, սակայն վերանայելու, ամբողջացնելու հնարաւորութիւն չէր եղած: Այս տարի երգը փորձեցի փոքրիկներուս` «Շողեր»-ու երգիչներուն հետ ու հէնց փորձի ժամանակ գրուեցան երգի վերջին տողերը`» «․․․Քո մի շողն ենք հայրենիք, որ շողում ենք, շողշողում ենք քո տուած լոյսից»,- ըսաւ Լենա Բեգլարեան:
«Շողեր»-ու ղեկավարը նաեւ նշեց, որ երգչախումբի երգիչներէն Ալէնը այս տարի առաջին անգամ կու գար Հայաստան եւ բաւական տպաւորուած էր հայրենիքով, իսկ Տիգրանը` լսելով «Ախր ես ինչպէս վեր կենամ երթամ» բանաստեղծութիւնը` անընդհատ կրկնած է այն․ թէ՛ Ալէնը, թէ՛ Տիգրանը Լենա Բեգլարեանին ըսած են, որ շատ կը ցանկային բնակիլ հայրենիքի մէջ:
Հայաստանի մէջ մշտական բնակութեան ցանկութիւն յայտնած են նաեւ Աննա Մարտիրոսեանի աղջիկները, որոնք Կիպրոսէն ձմեռուան ընթացքին տեղափոխուած են Երեւան, ապա` Մոսկուա, սակայն շատ սիրած են ամառնային Երեւանը եւ կը ցանկան կրկին վերադառնալ Երեւան:
«Իմ Հայաստան» փառատօնի Խմբերգային արուեստի օրերու փակումը տեղի ունեցաւ Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնի դահլիճին մէջ, ուր մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան` անոնց յանձնելով փառատօնի մասնակցութեան հաւաստագիրներ եւ յուշամետալներ: