Սեւրի Տրամաբանութիւնը Գերիշխող` Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Գործընթացներուն Մէջ

«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.

Սեւրը մեզի համար համազգային պահանջատիրութեան իրաւական հիմքն է, որ պայմանականօրէն զուգորդուած է Միացեալ Հայաստանի սահմանները ճշդած Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ: Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին այժմէական հնչեղութիւն ունեցած ըլլալուն մասին յայտարարած էր նախագահ Սարգսեան ոչ միայն Ուիլսընի շիրիմին իր տուած այցելութեամբ, այլ ուղղակի նաեւ իրաւարար վճիռի կայացման իննսունամեակին առիթով` յայտարարելով, որ պայմանագիրն ու վճիռը կը ներկայացնեն իրաւական այժմէական նշանակութիւն:

Այցելութիւնն ու յայտարարութիւնը ամրագրուած էին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հռչակագիրին մէջ տեղ գտած հետեւեալ բանաձեւումով. «Արժեւորելով… 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում»:

Ուրեմն, եթէ Ուիլսընի շիրիմին կատարուած այցելութիւնը եւ ապա ուղղակի յայտարարութիւնը Սեւրով ճշդուած միացեալ Հայաստանի սահմաններու հայեցակարգային պետական նուիրականացում էր, ապա Հռչակագիրը արդէն Սեւրի համազգայնացումն էր: Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռք կը հռչակէին, որ Սեւրն ու իրաւարար վճիռը արժեւորելի դեր ունին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման առաջադրանքներու իրականացման մէջ:

Այս կը նշանակէ պարզապէս, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն կը ներառուի նաեւ տարածքային պահանջատիրութիւնը, որուն հիմքը Սեւրի պայմանագիրի հիման վրայ Ուիլսընի ճշդած Հայաստանի սահմաններն են, որոնք նաեւ իրաւարար վճիռին  նկատմամբ միջազգային օրէնքի ճշդած կարգով անբեկանելի են:

Բայց Սեւրը, որուն համար պետական ամէնէն բարձր մակարդակով եւս կ՛ընդգծուի, որ ունի այժմէական նշանակութիւն, չի վերաբերիր միայն հայութեան: Սեւրը աշխարհամարտէն ետք տարածաշրջանի քարտէսի վերագծում է, եւ Թուրքիոյ մասնատումը, աւելի ճիշդը` արուեստական Թուրքիոյ մասնատումը:

Այս առումով ալ այժմէական հնչեղութիւն ունի Սեւրի տրամաբանութեան վերարծարծումը: Ու բնաւ պատահական չէ, որ Էրտողանը այսօր ամէնէն թէժ հռետորաբանութեամբ եւ ոգի ի բռին կը պայքարի Թուրքիան մասնատել ուզող ուժերուն դէմ եւ յականէ անուանէ մատնացոյց կ՛ընէ Արեւմուտքն ու յատկապէս Ուաշինկթընը:

Երկու փաստի վերյիշեցում այստեղ օգտակար կրնայ ըլլալ. նախ թրքական մամուլի օրին կատարած հրապարակումները, որոնց համաձայն, օրուան արտաքին գործոց նախարարը եւ այժմու նախագահի թեկնածու Քլինթընի Անգարայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին իր երկրին  հայութեան դէպի ծով ելք պարտական ըլլալու նշումը, եւ երկրորդ` յառաջիկայ քսան տարուան համար Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան վերլուծական բաժնի պատրաստած կանխատեսումներու զեկուցումը, ուր յստակ նշում կար Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան խնդրոյ առարկայ դառնալուն` ակնարկը ուղղելով Քիւրտիստանի ստեղծման:

Այստեղ աւելի այժմէականութիւն կ՛ապահովէ Սեւրը, որ նաեւ սահմանագծած էր ստեղծուելիք Քիւրտիստանը: Այժմէական այն առումով, որ տարածքային հակամարտութեան տեղ չէր ձգեր Սեւրը` ճշդելով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Քիւրտիստանի սահմանները: Եւ գիտենք, որ քրտական գործօնը այսօր ի՛նչ հրատապութեամբ կ՛ազդէ տարածաշրջանի զինուորաքաղաքական գործընթացներուն վրայ եւ որքա՛ն աջակցութիւն կը ստանայ Արեւմուտքին կողմէ:

Աշխարհաքաղաքական գործընթացները Սեւրի մէջ իշխած զինուորաքաղաքական տրամաբանութեամբ կ՛ընթանան: Խնդիրը մեր պատրաստուածութեան հարցն է: Նախագահի յայտարարութիւնները պետականացուցին Սեւրով բանաձեւուած մեր պահանջները: Համահայկական հռչակագիրը համահայկականացուց այդ առաջադրանքը: Աշխարհաքաղաքական ներկայ գործընթացներուն հետ քայլ պահելու եւ պատրաստ ըլլալու համար պատեհ առիթին ճիշդ կողմնորոշուելու եւ առաւել ձեռք ձգելու նպատակով մեզի պէտք են կայուն հայրենիք, անսասան պետականութիւն եւ համայն հայութեան ներուժի նպատակաուղղուած օգտագործում:

Սեւրեան գործընթացներուն պատրաստ ըլլալու, քայլ պահելու եւ պատեհ առիթին առաւել ձեռք ձգելու համար իրաւական պետութիւնը նախապայմանային անհրաժեշտութիւն է:

Scroll Up