«Ինծի Կը Թուի, Թէ Ես Միշտ Այստեղ` Հայաստանի ՄԷջ Ապրած Եմ». Հայկաշոտ Ազատ Աղասեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած պուլկարահայ երգիչ- երգահան Հայկաշոտ Ազատ Աղասեանի հետ զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը:
–Պարո՛ն Աղասեան, պատմէք խնդրեմ Ձեր` հայ մարդու եւ երաժիշտի մասին:
-Եկած եմ Պուլկարիոյ Սոֆիա քաղաքէն` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի երգչախմբային արուեստի օրերուն` ներկայացնելով իմ գրած երեք երգերը: Ուսանած եմ Սոֆիայի պետական երաժշտանոցին մէջ, ջութակահար եմ, սակայն նաեւ դաշնամուր կը նուագեմ, աշխատած եմ նուագախումբի եւ թատրոնի մէջ. 20 տարի է, որ պետական աշխատանքի մէջ չեմ, ազատ ստեղծագործող եմ, երգեր կը գրեմ, կը զբաղիմ ատոնց թողարկմամբ, կ’ըլլամ երգարուեստի տարբեր մրցոյթներու յանձնաժողովներու կազմին մէջ, ինծի կը հրաւիրեն նաեւ դուրսէն` ընդգրկելով հեղինակաւոր մրցոյթներու յանձնաժողովներուն մէջ, որոնց ես սիրով ու ամենայն մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերիմ: Աշակերտներու համար դասագիրքերուն մէջ երգեր կը գրեմ, թատերական ներկայացումներու համար երաժշտութիւն կը գրեմ, մանկական երաժշտութիւն կը ստեղծեմ, շատ կը սիրեմ մանուկներու աշխարհը: Ես տաղանդաւոր երեխաներ կը փնտրեմ, որպէսզի ճանապարհ հարթեմ անոնց համար: Պուլկարիոյ մէջ խառնամուսնութիւնները շատ են, եւ այդպիսի ընտանիքներու մէջ հիմնական մայրերն են ազգութեամբ հայ. Կ’աշխատիմ անոնց մէջ արթուն պահել հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Նշանաւոր երաժիշտ հայերէն էր Սոֆիայի ռատիոյի նուագախումբի ղեկավար Վիլլի Գալստեան, որ, ցաւօք, մահացած է: Պուլկարիոյ երգահաններու միութեան մէջ երկու հայ կան` Արթին Փորթուլեան, մէկն ալ` Ձեր խոնարհ ծառան` ես:
–Ձեր գերդաստանը ինչպէ՞ս յայտնուած է Պուլկարիոյ մէջ:
-Մենք Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու 3-րդ սերունդն ենք. իմ մեծ հայրիկներն ու մայրիկները, ջարդէն փրկուելով, հասած են Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաք: Մեծ մայրս Յունաստանի Քոմոթինի քաղաքէն էր, մեծ հայրերէս մէկը` Թուրքիոյ Գայզեր քաղաքի մօտակայքէն. 2007-ին Հայաստանի մէջ գտայ իմ զարմիկներս` երեք եղբայրներս. թաղամասի անունը գիտէի, այդ ճանապարհով ալ գտայ անոնց եւ մշտական կապ հաստատեցի: Օտար հողի վրայ մենք կրցած ենք պահպանել մեր հայ ինքնութիւնը. կինս` Մարին, հայուհի է, դաշնակահար, տղաս` Ազատը, հնչիւնային բեմադրիչ է, բոլորս ալ հայախօս ենք, կը մնայ միայն, որ մանչս հայուհիի հետ ամուսնանայ. պէտք է յաջորդ այցելութեանս անոր ալ բերեմ Հայաստան, որպէսզի Հայաստանէն հարսնցու ընտրէ:
–Յաճա՞խ կու գաք Հայաստան:
-4-րդ անգամն է,որ կու գամ Հայաստան. համահայկական խաղերու հետ կապուած` 2 անգամ եկած եմ պատուիրակութեան կազմին մէջ. ամէն այցիս նոր ու դրական փոփոխութիւններ կը տեսնեմ Երեւանի մէջ. քաղաքը շատ գեղեցկացած է: Շատ մտերիմներ ունիմ Հայրենիքիս մէջ, որոնցմէ մէկը Հայաստանի երգահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեանն է. անոր հետ 40 տարի առաջ ծանօթացած եմ Պուտապեշտի օդակայանին մէջ եւ հանդիպեցանք 2007-ի Համահայկական խաղերու ժամանակ: Շատ մեծ յարգանք ունիմ անոր հանդէպ` որպէս մարդ ու երաժիշտ:
–Ին՞չ երգերով կը ներկայանաք այս փառատօնին:
-Կը ներկայացնեմ իմ գրած երեք երգերը` «Հայաստանին», «Հովեր, հովեր» եւ վերջին` «Երեւան» երգս: Այդ երգերու սկաւառակը հետս բերած եմ ու նուիրած նախարարութեան: Երգերու բառերու հեղինակը Միհրան Պօղոսեանն է:
–Հայաստանի հետ ունեցած Ձեր կապերու արդիւնքով ի՞նչ հետաքրքիր յիշողութիւն ունիք:
-2002-ին, երբ Ամենայն Հայոց Վեհափառը եկաւ Պուլկարիա, ես «Ողջոյն» վերնագիրով երգ մը գրեցի եւ կատարեցի զայն, Վեհափառն ալ ինծի նուիրեց ասեղնագործած խաչքար մը, որ սրբութեամբ կը պահեմ:
–Պարո՛ն Աղասեան, այս անգամ ի՞նչ տպաւորութիւն ունիք Հայաստանի մասին, Երեւանի. ինչպիսի՞ զգացումներով լեցուած էք:
-Տպաւորութիւններս հրաշալի են, անպատմելի, զգացումներս` աննկարագրելի…ինծի կը թուի, թէ ես միշտ այստեղ` Հայաստանի մէջ ապրած եմ. ուր գացի, բոլոր դռները բաց էին առջեւս, մարդիկ` ջերմ ու այնչափ սիրալիր:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան