Օր 7-րդ. «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Մասնակիցները Հանդէս Եկան Արտաշատի ՄԷջ
Յուլիս 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արարատի մարզպետարանի եւ Արտաշատի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, Արտաշատի Ամօ Խարազեանի անուան պետական տրամադիկական թատրոնին մէջ ելոյթ ունեցան «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասնակից` ՌԴ-էն ու Վրաստանէն ժամանած պարախումբերը:
Համերգի սկիզբը փառատօնի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ հայ համայնքներու վարչութեան Միջին եւ Հարաւ-ասիական երկիրներու հայ համայնքներուն հետ կապերու բաժինի պետ Անահիտ Զոհրաբեան: Ան Սփիւռքի նախարարութեան անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց Արարատի մարզպետ Ռուբէն Աբրահամեանին, Արտաշատի քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն, քաղաքապետ Արգամ Աբրահամեանին, Տրամադիկական թատրոնի աշխատակիցներուն` աջակցութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար:
Իրենց կատարումները ներկաներուն նուիրեցին «Ուրարտու», «Տաշիր»(ՌԴ) , «Նայիրի» (ՌԴ), «Փարվանա» (Վրաստան), «Հայաստանի փայլեր» (ՌԴ, Տոնի Ռոստով), «Նոյեան» (ՌԴ) ,«Նայիրի» (Վրաստան), «Հայաստան»(ՌԴ) «Վերածնունդ» (ՀՀ) , «Մարի տանս» (ՀՀ) պարախումբերը:
Համերգին աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագիրներ յանձնուեցան Արարատի մարզի Շահումեանի արուեստի դպրոցի «Վերածնունդ» եւ «Մարի տանս» պարախումբերուն:
Անի Յարութիւնեան
ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի 2-րդ շրջանի ուսանողուհի
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»