Սոֆիայի Մէջ Կայացած Է Պուլկարահայ Նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Սոֆիայի ազգային պատկերասրահին մէջ «Կառամատոյց» նախագիծի բացումը  համախմբած էր հազարաւոր արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ: «Կառամատոյց»-ը «Երկիր գետի եւ ծովի միջեւ» շրջիկ ցուցահանդէսէն  մաս մը կը կազմէ, որ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու անուանի գեղանկարիչ Պետիկ Պետրոսեանի մեծ արուեստը: Ցուցահանդէսը իրականացուած է Վառնա քաղաքին մէջ գործող «Արարատ» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Գէորգ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյկօ Պորիսով յատուկ շնորհակալական նամակ  յղած է Գ. Գրիգորեանին: Նամակին մէջ նշուած է. «Ջերմօրէն կ’ողջոնեմ Ձեր` Սոֆիայի ազգային պատկերասրահին մէջ պուլկարացի նկարիչ Պետիկ Պետրոսեանին նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպումը: Բարձր կը գնահատեմ մեծ նկարիչի աշխատաքները տարածելու գործին մէջ Ձեր ներդրած ջանքերը եւ նշանակալի աւանդը: Պետիկ Պետրոսեանի ստեղծագործութիւնները Պուլկարիոյ ժամանակակից արուեստի եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն մասը կը կազմէ»:

Պետիկ Պետրոսեանի լաւագոյն ընկերներէն մէկը` Ճորճ Չապքանովը, Վառնայի «Արարատ» միութեան ներկայացուց իր նուէրը` յուշարձանի տեղադրման նոր նախագիծ` նուիրուած «Վրձինի վարպետին», ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Սոֆիայի քաղաքապետարանը կ’աջակցի յուշարձանի կառուցման:

Գէորգ Գրիգորեանը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ նշեց, որ «Յիշողութիւնը սիրոյ հիմնական աղբիւրն է, եւ այսօր ներկայ գտնուելով ցուցահանդէսին` մենք բոլորս կը զգանք Պետիկ Պետրոսեանի սէրը եւ անոր արուեստի «Կախարդական» ուժը»:

Պաշտօնական հիւրերուն մէջ էին Նելլի Մաթեւոսեան` Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական, Պուլկարիոյ մէջ գործող պատկերասրահներու տնօրէններ, պատգամաւորներ եւ այլք: Երեկոն եզրափակուեցաւ պուլկարացիներու եւ հայերու կողմէ շատ սիրուած երգերով:

Պետիկ Պետրոսեանին նուիրուած ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ Օգոստոս 14:

2017թ.-ի Յունիսին ՀՀ ազգային պատկերասրահի մշակութային ծրագիրին մէջ նոյնպէս ներառուած է «Երկիր գետի եւ ծովի միջեւ» շրջիկ ցուցահանդէսը:

 

Scroll Up