ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիահայ գաղութը պիտի գոյատեւէ ու բարգաւաճի»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.- Վեհափառ Հայրապետի Սուրիոյ ծովեզերեան շրջան հովուապետական այցելութիւնը սկսաւ Լաթաքիայէն։ Վեհափառ Հայրապետը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից՝ «Արարատ» սրահէն հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը, ապա շեշտեց թէ. «Հարիւր տարիներ առաջ հայը Թուրքիոյ մէջ երբ մահ ու կոտորած տեսաւ, ապա Սուրիոյ մէջ գտաւ եղբայրական սէր ու համերաշխ գոյակցութիւն։ Սուրիահայ գաղութը կապուած է իր երկրին։ Ան պիտի մնայ, գոյատեւէ ու բարգաւաճի»։

Այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց Լաթաքիոյ նահանգապետը՝ բարի գալուստ մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին եւ շեշտելով, որ հայ տարրը Սուրիան պաշտպանելու համար առաջապահ դիրքի վրայ գտնուեցաւ եւ տուաւ բազմաթիւ նահատակներ։

Վեհափառ Հայրապետը թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանին պարգեւեց օծման կարգին յարմար պանակէ մը, իսկ սրբազան հայրը, առիթը առաւել քաղցրացուց օրուան առթիւ պատրաստուած յատուկ կարկանդակի հատումով։

Կարկանդակի հատման մասնակցեցան օրուան հիւրերը՝ Լաթաքիոյ նահանգապետը, ոստիկանապետը, կուսակցապետը եւ իսլամ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներ։

Ուշագրաւ էր սուրիական լրատուամիջոցներու խիտ ներկայութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական այցելութիւնը կը շարունակուի։

2 3

Scroll Up