ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական7-րդ Համագումարի Բացում

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ 27-էն 31 յուլիս 2016 տեղի կ’ունենայ Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը Երեւանի մէջ:

Համագումարին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 27 յուլիսին, կը մասնակցին 18 երկիրներէ 28 բարձրաստիճան խմբապետներ, ինչպէս նաեւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան խմբապետը: Համագումարին կը մասնակցին նաեւ երկու օժանդակ խմբապետներ:

Համագումարին բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Կովկաս» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայրներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Վաչէ Նաճարեան, Բագրատ Եսայեան, Օշին Փիրումեան եւ Անդօ Պահարեան: Իր սրտի խօսքին մէջ Գառնիկ Մկրտիչեան հրաւիրեց ժողովը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ յիշատակը Լիզպոնի նահատակներուն, որոնց նահատակութեան օրը զուգադիպած էր խմբապետական համագումարի բացման: Ան նաեւ շեշտեց համագումարին կարեւորութիւնը` նշելով, որ միութիւնը ակնկալիքներ ունի սկաուտական բարձրաստիճան այս համագումարէն:

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան մասնակիցներուն ներկայացուց համագումարին ծրագիրն ու աշխատանքներու ընթացքը` նշելով, որ օրակարգերը պիտի քննարկեն միութիւնը յուզող զանազան հարցեր եւ ապագայի պատկերացումներ: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Պերճ Թիւֆենքճեան` յաջողութիւն մաղթելով համագումարի աշխատանքներուն:

Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկէ սկաուտական բոլոր կարգերու գիտելիքները եւ անոնց գործադրութեան եղանակը: Նաեւ պիտի մշակէ դաստիարակչական ծրագիրներ, պիտի զբաղի շրջաններու խմբապետներու վերաորակաւորման ծրագիրներով եւ պիտի պատրաստէ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի նախածրագիրը, որ ծրագրուած է իրագործել միութեան 100-ամեակին` 2018-ին:

Համագումարը յատուկ օրակարգով պիտի արծարծէ նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն առաջարկները, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ այժմէական հրատապ այլ հարցերու:

Scroll Up