«Իմ Հայաստան» Փառատօնին Մասնակցութիւնը Իրականութիւն Դարձուց Մեր Երազանքը. Ծրագիրի Մասնակիցներ

«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Յուլիս 26-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Ռուսասատանի Դաշնութեան, Յունաստանի, Իրանի եւ Արցախի պարախումբերու եւ անհատ կատարողներու համատեղ համերգը` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 25- ամեակին:

Մայկոպ

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ՌԴ Մայքոփ քաղաքի «Վարդանանք» եւ «Նայիրի» պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Սիւզաննա Պապայեան ըսած է. «Մասնակցելով Հայաստանի մէջ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» փառատօնին` մենք իրականացուցինք մեր երազանքը` առաջին անգամ այցելելով Արցախ, որ տեսնելու մեծ ցանկութիւն ունէին պարախումբի բոլոր մասնակիցները: Պարախումբը կը գործէ 2007 թուականէն: Ընդհանուր առմամբ, պարախումբին մէջ ընդգրկուած է 5-20 տարեկան 120 երեխայ, սակայն այսօր այստեղ ենք միայն 40 մասնակիցներով: Մեր սաներուն կը սորվեցնենք հիմնականին մէջ հայկական պարեր: Ապրելով հայրենիքէն դուրս` մենք կը փորձենք հայ մշակոյթը ըստ արժանուոյն ներկայացնելու մեր երեխաներուն»,- ըսաւ է Ս. Պապայեան եւ աւելցուցած, որ պարախումբը կը գործէ Հայ առաքելական եկեղցւոյ կից:

Մայկոպ 2

 Մայքոփ քաղաքի «Նայիրի» համոյթի պարուհի Անահիտ Միքայէլեան նշած է, որ իրենց համոյթին ներգրաւուած է 70 հոգի: «Այստեղ  եկած ենք 26 հոգիով: Շաբաթական երկու անգամ փորձ կ’ընենք: Մենք հայրենասիրութիւն կը համարենք նաեւ հայկական մշակոյթը պահել-պահպանելը` պարի միջոցով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ներկայացնելով»,-նշած է Ա. Միքայէլեան:

Մայկոպ3

 ՌԴ Տոնի Ռոստովի «Զուարթնոց» համոյթի պարուհի Կարինէ Դանիէլեանը  ընդգծած է, որ իրենց խումբը եւս առաջին անգամ  Արցախ կու գայ, եւ որ իրենք հիացած են Արցախով ու արցախցիներով: «Պարախումբը ստեղծուած է 2014 թուականին: Այնտեղ ընդգրկուած է 15-33 տարեկան 60 հոգի»,- աւելցուցած է Կ. Դանիէլեան եւ նշած, որ պարախումբը կը գործէ Սուրբ Յարութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ կից:

Scroll Up