Հզօր Պայթիւն Ատրպէյճանի Ռազմարդիւնաբերական Գործարանին ՄԷջ

Ատրպէյճանի մէջ` ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութեան «Արազ» գործարանին մէջ այսօր հզօր պայթիւն  տեղի ունեցած է`  կը յայտնէ ԱՊԱ- ն: Գործարանը կը գտնուի Շիրվան քաղաքին մէջ` Պաքուէն 120 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ատրպէյճանի ԱԻՆ- ը յայտնած է, որ պայթիւնի մասին լուրը ստացուած է տեղական ժամանակով ժամը 15:30- ին: Պատճառը կայծը  եղած է, որմէ բռնկած է 1500 թոն վերամշակման համար նախատեսուած արտադրանքը: Վիրաւորուած են տասնեակ մարդիկ. Կը գրէ armradio.am-ը:

Scroll Up