Օր 3-րդ. «Իմ Հայաստան» Փառատօնի Մասնակիցները Ելոյթ Ունեցան Գիւմրիի ՄԷջ

Յուլիս 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի «Պարարուեստի օրերու» ծիրէն ներս Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերը հիւրընկալուեցան Շիրակի մարզին մէջ:

Ճանապարհին փառատօնի մասնակիցները այցելեցին  7-րդ դարուն հիմնադրուած Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի (Արուճավանք), իսկ արդէն Գիւմրիի մէջ` Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցի կամ սուրբ Եօթ Վէրք:

Երեկոյեան Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական տրամադիկական թատրոնին մէջ կայացաւ «Կռունկ» (Իրան, Սպահան), «Արմաւիր», ( ՌԴ, Գրասնոտար), «Մասիս» (Արժանթին), «Մեղրի» (ԱՄՆ), «Վանք» (Վրաստան), «Անի-Մարիամ» (Վրաստան), «Տարօն» (Վրաստան), «Նայիրի» (ԱՄՆ) պարախումբերու համերգը` գիւմրեցի հանդիսատեսի բուռն ծափողջոյններու ներքոյ:

Համերգին ներկայ էին Շիրակի մարզպետի տեղակալ Սէյրան Պետրոսեան, Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմի կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան վարչութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինի պետ Վաչէ Վարդանեան:

Համերգին աւարտին Վաչէ Վարդանեան Շիրակի մարզպետարանի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, այս հայրենանուէր եւ այնչափ կարեւոր ծրագիրը կեանքի կոչելու համար. «Արդէն 3-րդ անգամ է` Սփիւռքի պարախմբերը այցելում են Շիրակի մարզ, եւ մեզ պարգեւում բարձր տրամադրութիւն: Ծրագրի շնորհիւ` հազարաւոր հայորդիներ են ժամանում Մայր հայրենիք: Այսօր յատկապէս ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել հեռաւոր Ամերիկայից եւ Արգենտինայից ժամանած պարախմբերին»,-«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` նշեց Մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան  բաժինի պետը:

«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Էդուարդ Եսայեանց շնորհակալութիւն յայտնեց Շիրակի մարզպետարանի աշխատակիցներուն, յատկապէս` մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեանին, Գիւմրեցի հանդիսատեսին` սփիւռքահայ պարախումբերուն գրկաբաց ընդունելու ու իրենց ծափողջոյններով ոգեւորելու համար: Իսկ սփիւռքահայ երիտասարդներուն յորդորեց աւելի յաճախ գալ Հայաստան, կապուիլ իրենց արմատներուն եւ ամենակարեւորը` հայերէն խօսիլ:

 

Scroll Up