Արդարադատութեան Նախարարութեան Տուեալները Կը Բացայայտեն, որ Ատրպէյճանը Միլիոններ կը Վճարէ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն

Քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու մէջ լողացող, սակայն բարոյականութենէն զուրկ Ատրպէյճան զբաղած է հսկայական գումարներ բաժնելով բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են ուշադրութիւն դարձնելու իր քարոզչութեան:

Պաքուի կաշառակերութեան գծապատկերը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի է իբրեւ “խաւիարային դիւանագիտութիւն”, այժմ ալ իր թակարդի մէջ առած է Ուաշինկթընի ազդեցիկ վերնախաւը: Ըստ երեւոյթին, պակասը չի զգացուիր ամերիկացիներու, որոնք պատրաստ են իրենց հոգիները ծախելու որեւէ գումարի համար: Ատրպէյճանը, իբրեւ լոպիինկի ասպարէզի մէջ նորելուկ, արագօրէն սորվեցաւ այդ ոլորտի հնարքները իր «աւագ եղբայր» Թուրքիայէն` քաղաքական խաբէութեան քաջատեղեակ վարպետէն:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կայքէջը կը հրապարակէ տասնմէկ ամերիկեան ընկերութիւններու անուններ եւ գումարներ, որոնք վճարուած են ատրպէյճանական տարբեր մարմիններուն կողմէն.

– Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 35 հազար տոլար կը վճարէ «Փաթոն պոկս» ընկերութեան` «Միացեալ Նահանգներ- Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններու վերաբերեալ խորհրդատուութեան եւ աջակցութեան համար», ամսական 18.3 հազար տոլար «Մելվուտ քոմունիքէյշնս” ընկերութեան` “Լրատուամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան ռազմավարութեան» աջակցելու համար, ամսական 20 հազար տոլար «Տի. Սի. Այ. Կրուփ»-ին` «Հանրային կապերու եւ լրատուական քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ վերլուծական կեդրոններու հետ յարաբերութիւններու ստեղծման» համար, եւ ամսական 45 հազար տոլար «Տը Փոտեսթա կրուփ»-ին` հանրային կապերու իրականացման համար:

– «Տը Լիվինկսթոն կրուփ»-ը, որ կը կրէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Պոր Լիվինկսթոնին անունը, որ իր պաշտօնը լքած է խայտառակ ձեւով, մինչ այժմ ստացած է 2 միլիոն տոլար` Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անունով  լոպիիստական գործունէութիւն իրականացնելու համար:

– Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունը «Ճեֆըրսըն Ուոթըրման ինթըրնեշընըլ»-ին ամսական 25 հազար տոլար կը վճարէ`«Ամերիկեան հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման» եւ «Լրատուամիջոցներու հետ կապերու ռազմավարութեան» համար: Նշուած ընկերութիւնը ամսական կը ստանայ եւս 25 հազար տոլար «Ատրպէյճանի նախագահութենէն»`լրատուական ռազմավարութեան խորհրդատուութեան համար: Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան բաժնետոմսերուն 51 տոկոսը կը պատկանի Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան:

– Ատրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը «Ֆապիանի էնտ քոմփընի» ընկերութեան ցարդ վճարած է 2.4 միլիոն տոլար` «Ռազմավարութիւններու ծրագրաւորման եւ իրականացման համար` ատրպէյճանական ժողովուրդի, երկրի, մշակոյթի եւ միջազգային կապերու մասին հետազօտութիւններ եւ շահերու պաշտպանութիւն խրախուսելու նպատակով»: Վերջերս Ուաշինկթըի մէջ Ատրպէյճանի ամերիկեան դաշինքի կազմակերպած ճաշկերոյթին կը մասնակցէին 700 հիւրեր, որոնց շարքին էին` Օպամայի վարչամեքենայի պաշտօնատարներ, Քոնկրեսի անդամներ եւ օտար դիւանագէտներ: Խնճոյքին ներկայ էին նաեւ հայկական հարցերու ընդդիմախօս տխրահռչակ քոնկրեսականներ, անոնց շարքին` ծերակուտականներ Սաքսպի Չեմպլիս եւ Ռիչըրտ Պըր, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պոեհնթր եւ նախկին քոնկրեսական Տէն Պարթըն:

– «Ռոպերթի Ուայթ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան (ՍՊԸ) ամսական 20.9 հազար տոլար վճարուած է Միացեալ Նահանգներու «Սոքար»-ի` Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան ամերիկեան դուստր ընկերութեան կողմէն`Միացեալ Նահանգներու մէջ գործարարական  կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար:

–  Քանի որ դրամի պակաս չկայ, նոյնիսկ Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութիւնը կրնայ ինքիրեն թոյլ տալ վարձել հասարակութեան հետ կապերու իր սեփական ընկերութիւնը: Տարիներու ընթացքին ան օգտուած է «Սիթրիք էնտ քոմփընի» ընկերութեան (տարեկան 50 հազար տոլար), «Թուլշետ կրուփ»ի (35 հազար տոլար), որ հիմնադրուած է Ամերիկայի Հրէական կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու նախկին տնօրէն Ճէյսըն Կացի կողմէ, եւ «Փոթոմաք սքուէր կրուփ»-ի (գումարը չէ բացայայտուած) ծառայութիւններէն` «լրատուական քարոզչութիւն… եւ խմբագիրներու հետ համագործակցութիւն ապահովելու համար»:

Այժմ ի յայտ եկած է նախկին այլ քոնկրեսական մը, որ Ատրպէյճանի ամենակարող տոլարներուն հետապնդման լծուած է: Նիւ Եորքի նախկին քոնկրեսական Մայքլ Մաքմահըն կը զբաղի այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան (տարածք մը, որ ճանչցուած է միայն զայն բռնագրաւած պետութեան` Թուրքիոյ կողմէ) հանրային կապերով եւ պետական յարաբերութիւններով: Մաքմահընը, որ մինչեւ 2010 թուականի իր պարտութիւնը ծառայած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, կը գլխաւորէ լոպիիստական աշխատանքները Նիւ Եորքի «Հերիք, Ֆայնշտէյն»  ընկերութեան անունով, որ շահած է տարեկան 200 հազար տոլարի պայմանագիր` դէպի բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս քոնկրեսական այցելութիւններ կազմակերպելու եւ լրատուամիջոցներով անոր հանրային վարկանիշը բարելաւելու նպատակով: Մաքմահըն նաեւ զբաղած է Նիւ Եորք Քաղաքի մէջ Թուրքիոյ ընդարձակուող հիւպատոսութեան զարգացմամբ եւ շինարարութեամբ:

Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Մաքմահընի անունը անցեալ շաբաթ ջուրի երես ելաւ` փորձելով օրինականացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի կեղծուած վերընտրութիւնը, ուր ան հաւաքած էր քուէներուն 85 տոկոսը, մինչդեռ անոր ինը մրցակիցները միասին ստացած էին մնացած 15 տոկոսը:

Հակառակ անոր որ միջազգային դէտերը կը քննադատէին Ալիեւի վերընտրութիւնը` իբրեւ «անարդար եւ կեղծիքներով լի», «Նիւ Եորք թայմզ»ը` մէջբերելով Մաքմահոնը, կը նշէ, որ ընտրութիւնները եղած են` «Ազնիւ, արդար եւ իրօք արդիւնաւէտ: Այնտեղ աւելի կարճ էր կարգի սպասողներու շարքը, քան` Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ վիճելի քուէաթերթիկներ չկային», ինչ որ պատահեցաւ Ֆլորիտայի մէջ 2000 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Վրդովեցուցիչ է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը դարձած է Մաքմահընին զոհը` որոշելով կեղծուած ընտրութիւններուն մասին իր յօդուածը վերնագրել «Դէտերը տարակարծիք են Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւններու արդարութեան վերաբերեալ»: Այսպիսով, «Թայմզ»ը անձի մը ատրպէյճանամէտ քարոզչութիւնը հաւասարեցուցած է համատարած խարդախութիւններու ճնշող ապացոյցներուն հետ` հաստատուած այնպիսի հեղինակաւոր միջազգային դէտերու կողմէ, ինչպիսին է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ): Բարեբախտաբար, «Թայմզ»ը մատնանշած է, որ` «կը թուի, թէ գնահատականներուն տարբերութիւնը կ’արտացոլացնէ Ալիեւի կառավարութեան հակասական լոպիստական ջանքերը` ընտրութիւնները ներկայացնելու իբրեւ արդար»:

Ամերիկահայերը չեն կրնար մրցիլ ատրպէյճանական շռայլ բաշխումներու հետ: Անոնք պէտք չէ ալ այդպէս ընեն: Ամերիկահայերը կարիքը չունին միլիոններ ծախսելով լոպիինկ ընել առկայ փաստերը ներկայացնելու համար, քանի որ ճշմարտութիւնը իրենց կողմն է:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Scroll Up