Ջիւան Գասպարեանը 85 Տարեկան Է

Հայկական ազգային կատարողական արուեստի նշանաւոր վարպետներէն մէկը` ժամանակէ մը ի վեր համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող  Ջիւան Գասպարեան, 85 տարեկան է: Տարիքը, սակայն, չի խանգարեր, որ ան շարունակէ ստեղծագործել, շարունակէ զարմացնել ու հիացնել աշխարհը, որ յատկապէս անոր միջոցով ճանչցաւ մեր առեղծուածային ու հնամենի նուագարանը` տուտուկը: Ջիւան Գասպարեանին իրաւամբ տուտուկի կախարդ  կ’անուանեն, քանզի ան փոքրիկ, շատ պարագաներու աննշան թուացող նուագարանը կարողացաւ ճանաչելի ու սիրելի դարձնել աշխարհին, իր նուագարանէն հնչեցնել մեղեդիներ, որոնք կախարդեցին ու հմայեցին շատերուն, որոնք ամէն մէկ ելեւէջի մէջ տեսան մեր տառապանքի ու հրճուանքի արտացոլումները:

Ջիւան Գասպարեան ընդլայնեց նուագարանի հնարաւորութիւնները, այն ընդգրկել տուաւ ինչպէս ճազային, այնպէս ալ սիմֆոնիք նուագախումբերուն` այսպիսով շարունակելով այն հրաշալի փորձարարութիւնը, որու սկիզբը դրած էր ականաւոր երաժշտահան Աւետ Տէրտէրեան: Վաչէ Յովսէփեան առաջինը հանդէս եկաւ սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, իսկ Ջիւան Գասպարեան հարստացուց ձեւաւորուած աւանդոյթները, իսկապէս համաշխարհային ճանաչում ապահովեց մեր փոքրիկ նուագարանին, որ շատ երկար ժամանակ պարփակուած էր միայն ազգային ծիրէն ներս:

Ջիւան Գասպարեան ինքզինք տոհմիկ երեւանցի կը համարէ, որովհետեւ ծնած է մայրաքաղաքէն ոչ շատ հեռու ու ողջ կեանքը ապրած է այս քաղաքին մէջ` հարստացնելով անոր դիմանկարը, դառնալով այդ դիմանկարի անկապտելի մասը: Շատ կանուխէն կորսնցուցած  է մօրը, հայրը եղած է զինուորական` հնարաւորութիւն չունենալով զաւկի դաստիարակութեամբ զբաղելու: Փոքրիկ Ջիւանը յայտնուած է որբանոց ու իր սրտին մէջ զգացած է որբութեան դառնութիւններն ու տխրութիւնները: Հէնց որբանոցին մէջ ալ հրապուրուած է տուտուկով, վեց տարեկանին` ձեռքը վերցուցած փոքրիկ նուագարանն ու հնչեցուցած է առաջին մեղեդիները: Ոեւէ ուսուցիչ ու խորհրդատու չէ ունեցած, ինքը կրցած է քայլ առ քայլ խորանալ նուագարանի գաղտնիքներուն մէջ, իրեն համար բացայայտած է հնչիւններու հրաշագեղ աշխարհը:

1947 թուականին Ջիւան Գասպարեան  սիրողական խումբի հետ կը մեկնի Մոսկուա, կը մասնակցի գեղարուեստական ինքնագործունէութեան փառատօնին եւ նուէր կը ստանայ պետութեան ղեկավար Սթալինէն Փոպետա ժամացոյց:  Անչափ ոգեւորուած նման գնահատութեամբ` երիտասարդ երաժիշտը աւելի կը նուիրուի ինքնակրթութեամբ, կը ձգտի կատարելութեան: 1949-ին անոր կը լսէ Թաթուլ Ալթունեան, որն առանձնակի ջերմ վերաբերմունք  կը տածէր շնորհալի երաժիշտներու հանդէպ: Ալթունեան կը հիանայ երիտասարդի կատարմամբ: Ջիւան Գասպարեան նօթաներ չէր գիտեր, ան հանդէս  կու գար Երեւանի Երաժշտասիրական նուագախումբին հետ` հիմնականին մէջ սպասարկելով հարսանիքներն ու յուղարկաւորութիւնները: Հէնց այս նուագախումբին հետ ելոյթը կը լսէ Թաթուլ Ալթունեան, խորհուրդներ  կու տայ երիտասարդ երաժիշտին:

1956 թուականին Ջիւան Գասպարեան կը ստանայ իր առաջին մրցանակը` յաղթող ճանչցուելով տուտուկահարներու մրցոյթին: Մենք տուտուկի հրաշալի դպրոց ունէինք, որուն գլխուն կանգնած էր Լեւոն Մատոյեան: Ջիւան Գասպարեան, ուղղակիօրէն չաշակերտելով մեր վարպետներուն, այնուհանդերձ կը լսէր անոնց կատարումները, շատ բան կը սորվէր անոնցմէ: Առաջին իսկ կատարումներէն պարզ դարձաւ, որ ան կը սիրէ կատարման հաղորդել մեծ յուզականութիւն,  ջերմութիւն, մղուիլ դէպի անաղարտ մեղեդին` անոր գումարելով իր ուրոյն վարպետութիւնը:

 1959-ին կը ստանայ առաջին ոսկէ մետալը Չորրորդ միջազգային փառատօնին` ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի հովանաւորութեան ներքոյ: Նոյն մրցոյթին մասնակցելով, 1962-ին` ան կը շահի արծաթէ մետալ, իսկ 1973-ին` պրոնզ:

Այս մրցոյթէն ետք` 1973-ին, Հայաստանը անոր շնորհեց ՀՀ-ի Ազգային արուեստագէտ պատուաւոր կոչումը: 1988-ին Պրայեան Ինոն պատահաբար լսեց երաժշտապետի ելոյթը Մոսկուայի մէջ եւ որոշեց անոր Լոնտոն հրաւիրել: Ան առաջին անգամ  առեւտրային աշխարհ մուտք գործեց, երբ Փիթըր Գաբրիէլը անոր նուագը օգտագործեց Մարտին Սկորսիզի «Քրիստոսի Վերջին Գայթակղութիւնը» ֆիլմին մէջ: Յայտնութիւն էր տուտուկի ներկայութիւնը այդ ֆիլմին մէջ, յայտնութիւն էր Ջիւան Գասպարեանի կատարումը: Շատերը մնացին  այդ կատարման ազդեցութեան ներքոյ: Յետագային արդէն Ջիւան Գասպարեան մասնակցեցաւ նաեւ հոլիուուտեան «Կլատիատոր»  ֆիլմի ստեղծման…

Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Ջիւան Գասպարեան այսօր 85 տարեկան է: Զարմանալի կենսասիրութիւն եւ ստեղծագործական աւիւն ունի: Այսօր ան իր փորձն ու հմտութիւնները կը հաղորդէ թոռնիկին` կրտսեր Ջիւան Գասպարեանին, որ նոյնպէս արդէն յայտնի անուն  դարձած է համաշխարհային բեմերուն վրայ…

Լեւոն Մութաֆեան

 

Scroll Up