ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 400 Թիւերու Հրատարակութեան Սխրանքը

ՀՄԸՄ-ի հայելին, պաշտօնաթերթը «Մարզիկ» ամսաթերթն է, որ 35 տարիէ լոյս կը տեսնէ անխափան, 400 թիւերու ծանրութեամբ, զոհողութեամբ, յարատեւութեամբ, անկարելին կարելի դարձնող յամառութեամբ եւ այն բոլոր տուեալներով, որոնք թերթ մը կը պահեն թերթ:

35 տարի կ՛ըսենք, ու չեն երեւիր տարիներու յոգնութիւնը, թափուած ճիգը, աշխատանքը եւ նուիրումը բոլոր անոնց, որոնք հիմնադիրները եղան, կամ անոնց հետ, ու անոնցմէ ետք` շարունակողները եղան թերթին հիմնադրութեան նպատակներուն եւ ձգտումներուն:

35 տարի կ՛ըսենք, ու մեզի այնպէս կը թուի, թէ երէկ էր, որ հիմը կը դրուէր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան այս հրատարակութեան` միութեան շրջանները իրարու օղակելու, ՀՄԸՄ-ի գործը ծանօթացնելու եւ ՀՄԸՄ-ի խօսքը տարածելու համար:

Երէկ էր այդ օրը, լիբանանեան պատերազմի ամէնէն դժնդակ օրերուն, երբ Պէյրութի մէջ մահ ու աւեր կը սփռուէր, երբ մարդիկ ռումբեր ու զոհեր կը հաշուէին, անդին խումբ մը «խենթ»-եր` հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներ կը ձեռնարկէին հրատարակութեանը թերթի մը, որ հայելին պիտի ըլլար միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու գործունէութեան` գայլիկէն ու մրջնիկէն մինչեւ Պատգամաւորական ժողով:

Թերթ մը, որ ՀՄԸՄ-ի մանրամասնութիւն նկատուող բոլոր արդիւնքներուն եւ շարժումներուն մնայուն արխիւը պիտի ըլլար:

Թերթ մը, որ միայն ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան արտայայտութիւնը պիտի չըլլար: Հոն պիտի տեսնուէին նաեւ հայրենի մարզիկները իրենց յաջողութիւններով, աշխարհի ախոյեանները` իրենց նուաճումներով:

Ու ծնունդ պիտի առնէր «Մարզիկ»-ը` երկար ապրելու, մի՛շտ ապրելու գրաւականով:

Դիւրին պիտի չըլլար «Մարզիկ»-ի ծնունդը: Տարուան մը պատրաստութեան պիտի կարօտէր ան, թէեւ անոր գաղափարը պիտի ծնէր շատ առաջ, միութեան առաջին Պատգամաւորական ժողովին, 1974-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք սեղանի վրայ կու գար պաշտօնաթերթի մը հրատարակութեան հարցը:

Այլեւս ՀՄԸՄ-ի ցիր ու ցան մասնաճիւղերը համախմբուած էին` կազմելով մէկ ամբողջութիւն աշխարհի տարածքին: Միութեան այս գաղափարը աւելի կը հզօրացնէր ՀՄԸՄ-ը եւ կ՛ընդարձակէր անոր գործունէութեան դաշտը:

Առաջին Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր գործունէութեան շրջանին գլխաւոր մտահոգութիւն կ՛ունենար հիմնաւորել եւ զօրացնել միութեան նոր կառոյցը եւ նախաձեռնել համագաղութային նշանակութիւն ունեցող աշխատանքներու:

1979-ին, ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Բ. ժողովին յստակ որոշում կը տրուէր միութեան պաշտօնաթերթը հրատարակելու համար: Պատգամաւորական ժողովը պարտականութիւն կու տար նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան` հետապնդելու ծրագրին իրագործումը:

Պայմանները հասունցած էին եւ բոլորը կը հաւատային թերթի մը օգտակարութեան եւ կարեւորութեան, թէ ան անմիջական կապը պիտի ըլլայ մասնաճիւղերուն միջեւ եւ պիտի ծառայէ երիտասարդական լայն զանգուածին տարածելու ՀՄԸՄ-ի գաղափարականն ու ոգին:

«Մարզիկ»-ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ դժուար երկունքով: Թէեւ ՀՄԸՄ-ի օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը օրին կը նշանակէ խմբագրական մարմին մը, սակայն գործին ամբողջ պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն կը վերցնէ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վարդգէս Տէր Կարապետեան, որ կը հսկէ թերթին կանոնաւոր ընթացքին: Ան կը խմբագրէ ստացուած բոլոր յօդուածները, կը հսկէ տպարանային աշխատանքներուն` սրբագրութիւն, դասաւորում, կը պատրաստէ թերթին բովանդակութիւնը: Երուանդ Տեմիրճեան կը գրէ խմբագրականները եւ յօդուածներով կ՛աշխատակցի թերթին: Յարութիւն Գազանճեան (Յ. Գեղարդ) կը պատրաստէ ժամանցի էջը եւ կը գրէ մարզական կեանքին առնչուող յօդուածներ: Վարուժան Մուրատեան կը պատրաստէ միջազգային մարզական էջերը: Դերենիկ Թերճանեան կը խմբագրէ առողջապահական բաժինը: Ծանօթ մտաւորականներ` Մուշեղ Իշխան եւ Կարօ Փոլատեան կը տրամադրեն գրութիւններ: Երէց ՀՄԸՄ-ականներ` Տիգրան Ա. քհնյ.  Խոյեան, Շաւարշ Մեհրապեան, Ներսէս արք. Բախտիկեան, Վաղինակ Միսքճեան կը հրատարակեն իրենց յուշերը: Ժոզեֆ Նալպանտեան կը գրէ միջազգային մարզական կեանքի երեւոյթներու մասին: Սարգիս Սարգիսեան կը տրամադրէ երգիծական գրութիւններ` մարզական կեանքէն վերցուած դրուագներու մասին: Մասնաճիւղերէն կը հասնին իրենց գործունէութեան մասին թղթակցութիւններ:

Առաջին այս տարիներուն «Մարզիկ»-ի խմբագրատունը եւ վարչական գրասենեակը ՀՄԸՄ-ի ակումբներն են, տպարանն է, անդամներու բնակարանները եւ կամ վաճառատուները:

Թերթը ՀՄԸՄ-ի յանձնառութիւնն է, ուրեմն տոկուն է: Ան լոյս կը տեսնէ հակառակ Լիբանանի կացութեան, ելեկտրականութեան յաճախակի ընդհատումին, քաղաքի մէկ կողմէն միւս կողմ անցքերու յաճախակի արգելքներուն, որոնք կը դանդաղեցնեն, բայց չեն կասեցներ անոր գործը, որ վերջին հաշուով լոյս կը տեսնէ զոհողութիւններու գումարով:

Թերթին ծնունդ տալը սակայն բան մըն էր, ապրեցնելը` ուրիշ բան:

1983-ին ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Գ. ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը թերթին խմբագրութեան անդամ կը նշանակէ Երուանդ Տեմիրճեանը, Կարօ Թիւթիւնճեանը եւ Վարուժան Մուրատեանը: Վարդգէս Տէր Կարապետեան եւ Յարութիւն Գազանճեան կը շարունակեն մօտէն գործակցիլ խմբագրութեան հետ եւ օժանդակել անոր բոլոր աշխատանքներուն: Կը հրաւիրուի նաեւ Գրիգոր Սուքիասեանը` օժանդակելու համար պաշտօնաթերթին խմբագրական եւ այլ աշխատանքներուն:

Բիւզանդ Թորիկեան եւ Միհրան Շիմշիրեան կը ստանձնեն թերթին վարչական պատասխանատուութիւնը:

1983-1987 բեղուն շրջան մը բոլորելու բոլոր տուեալները կային, խանդավառութիւնը մեծ էր: Սակայն անակնկալ դէպքեր կ՛արգելակեն գործին յաջող ընթացքը:

Լիբանանեան պատերազմին պատճառով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հեռանայ Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբէն եւ կը փոխադրուի Պուրճ Համուտ, ուր ակումբէ ակումբ թափառելէ ետք, կայք կը հաստատէ Ազգ. առաջնորդարանին տրամադրած մէկ սենեակին մէջ: Կեդրոնական վարչութեան եւ «Մարզիկ»-ի խմբագրութեան համար նստավայր մը գտնելը կը դառնայ հրատապ հարց: Վարդգէս Տէր Կարապետեանի եւ Բիւզանդ Թորիկեանի երկար փնտռտուքները կ՛արդիւնաւորուին, ու ՀՄԸՄ-ը կ՛ունենայ իր կեդրոնը` Պուրճ Համուտի գլխաւոր մէկ պողոտային վրայ:

Սակայն երկու դէպքեր կու գան խռովելու ՀՄԸՄ-ականներու հոգիները: Նախ, Յարութիւն Գազանճեանի դէմ կատարուած մահափորձը` չարագործներու կողմէ, իր դարմանատան մէջ: Ապա, շատ աւելի ծանր, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի անարգ սպանութիւնը` 31 յունուար 1986-ին, գաղափարի երկու այլ նուիրեալներու` Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի հետ:

Կը ցնցուի ամբողջ սփիւռքահայութիւնը եւ անոր հետ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու «Մարզիկ»-ի խմբագրութիւնը: Կորուստը մեծ էր, սակայն գործը պէ՛տք էր շարունակել:

Անմիջապէս կը դիմուի յարմար կարգադրութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վարուժան Մուրատեան կը հրաւիրուի խմբագրութեան պաշտօնին, մինչ Երուանդ Տեմիրճեան կը շարունակէ գրել թերթին խմբագրականները:

Վրայ կը հասնի ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Դ. ժողովը, 1987-ին, որմէ ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը կը նշանակէ խմբագրական եւ վարչական նոր կազմեր` վարչութեան անդամներէն:  Խմբագրական կազմը կը բաղկանայ Երուանդ Տեմիրճեանէ, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանէ եւ Կարօ Թիւթիւնճեանէ, իսկ վարչական կազմը` Միհրան Շիմշիրեանէ, Պատրիկ Կիւլպէնկեանէ եւ Արա Յակոբեանէ:  Խմբագրական կազմը «Մարզիկ»-ի խմբագիր կը նշանակէ Երուանդ Տեմիրճեանը, իսկ վարչական տնօրէն` Վարուժան Մուրատեանը:

Այս միջոցին լիբանանեան պատերազմը ամբողջութեամբ կը յեղաշրջէ առօրեան երկրի ժողովուրդին, որ իր ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ խոնաւ ու մութ պատսպարաններու մէջ: Ժամանակաւոր խաղաղութեան պահերուն պէտք էր զբաղիլ միութենական աշխատանքներով ու «Մարզիկ»-ի հրատարակութեամբ: Կանոնաւոր աշխատանքի պայմաններ գոյութիւն չունէին, միշտ պէտք էր յարմարիլ կացութեան ստեղծած պայմաններուն եւ ամէն գնով թերթը հրատարակել` արձանագրելու համար սերունդի մը հեւքը, դառնալու համար պատմութեան ատաղձ, հարազատ եւ անվիճելի:

Վրայ կը հասնի դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանը հարուածած ահաւոր երկրաշարժը, որ խոր սուգի կը մատնէ հայ ժողովուրդը: «Մարզիկ»-ի խմբագրութիւնը յարմար կը գտնէ պատշաճօրէն անդրադառնալ ահաւոր աղէտին: Նիւթերը առատ կ՛ըլլան: Նիւթերու առատութիւնը կը ստիպէ խմբագրութիւնը, որ իր նախատեսած ծաւալը ընդարձակէ եւ երկրաշարժին նուիրուած բացառիկ թիւը լոյս ընծայէ 184 էջերով, գունաւոր եւ գեղատիպ:

1988-ը նաեւ արցախեան պահանջատիրութեան տարին է: Ի յայտ կու գան  Խորհրդային Միութեան քայքայման նշանները: Հայաստան կը բռնէ անկախութեան ուղին, իսկ ՀՄԸՄ-ը` հայրենիք վերադարձի ճամբան:

Դեկտեմբեր 1989-ին կը հիմնուի ՀՄԸՄ-ի Երեւանի մասնաճիւղը: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ ծիլեր կ՛արձակէ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ` նոր թափ ու ծաւալ տալով միութեան աշխատանքներուն:

Լիբանանի մէջ 15 տարուան արիւնալի պատերազմը ի վերջոյ կ՛աւարտի, եւ բոլորը նոր կ՛անդրադառնան կորսուած ժամանակին, մարդկային եւ նիւթական հսկայական վնասներուն:

ՀՄԸՄ-ը անմասն չէ կորուստներէն, մարդկային ու նիւթական վնասներէն, սակայն կը պահէ սլացքն ու ձգտումը` լաւագոյնին:

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Ե. ժողովը, 1991-ին, կը քննէ թերթին կապուած բոլոր հարցերը եւ կ՛որոշէ շարունակել անոր հրատարակութիւնը` իբրեւ կարիք, պահանջ ու անհրաժեշտութիւն:

Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը կը նշանակէ խմբագրական նոր կազմ` բաղկացած Վարուժան Մուրատեանէ եւ Զաւէն Թորիկեանէ: Խմբագրականները գրելու պարտականութիւնը կը յանձնուի Յարութիւն Գազանճեանին: Թերթը կ՛ապրի զգալի աշխուժութիւն մը եւ բովանդակութիւնը կը դառնայ աւելի այժմէական ու այլազան:

Յարատեւութեան սխրանքը, սակայն, կը բախի նոր դժուարութիւններու: 1994-ին կը մահանայ Վարուժան Մուրատեան: Շրջան մը Զաւէն Թորիկեան կը ստանձնէ թերթին խմբագրութեան աշխատանքը, սակայն այս անգամ նիւթական պատճառները արգելք կ՛ըլլան անոր կանոնաւոր հրատարակութեան:

1995-ի առաջին վեց ամիսներուն «Մարզիկ» լոյս չի տեսներ: Թերթը խմբագրական եւ վարչական բաժիններով կը պարզէ կազմալոյծ վիճակ:

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական Զ. ժողովը, 1995-ին, կը վերահաստատէ «Մարզիկ»-ի հրատարակութեան որոշումը եւ համապատասխան քայլեր կ՛առնէ այդ գծով: Պաշտօնի կը հրաւիրուին նոր խմբագիր եւ վարչական կազմ:

Յանձինն իր պատասխանատու նոր խմբագիր Վիգէն Աւագեանին` «Մարզիկ» 1995-ին կը թեւակոխէ իր կայունացման հանգրուանը:  Խմբագրութիւնը իր շուրջ կը համախմբէ խումբ մը աշխատակիցներ, որոնք նոր շունչ եւ դիմագիծ կու տան թերթին: Խաչիկ Մուրատեան, Լ. Կիւլոյեան-Սրապեան, Պեթի Փանոսեան, Գէորգ Թորոյեան, Շաղիկ Գէորգեան, Սեդա Պէշլեան, Տիրան Աղազարեան, Սալբի Լատոյեան եւ Ալին Զէյթունլեան կարեւոր ներդրում կ՛ունենան թերթին տարբեր բաժիններու ճոխացման մէջ:

Մինչ այդ, սերնդափոխութեան կարգով, անդարձ կը մեկնին թերթին հաւատաւոր աշխատակիցներէն` Պարգեւ Շիրինեանը (Հրազդան), Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանը, լուսանկարիչ Վազգէն Տէր Ղուկասեանը, տոքթ. Միսաք Արզումանեանը, տոքթ. Յարութիւն Գազանճեանը (Յ. Գեղարդ), Պետրոս Շեմմեսեանը, Կարօ Թիւթիւնճեանը, Միհրան Շիմշիրեանը, Կարպիս Գույումճեանը, Յովհաննէս Մարտոյեանը եւ ուրիշներ:

Այսպէս, պատնէշի վրայ կը մնան ՀՄԸՄ-ական խօսքի եւ գրականութեան հաւատացող խումբ մը գրասէրներ` Սամուէլ Մկրտիչեան, Բիւզանդ Թորիկեան, Ժիրայր Սարգիսեան, Տիրան Շահինեան, Րաֆֆի Սիւլահեան, Վահէ Թանաշեան, Սերոբ Սահակեան, Մարօ Քէշիշեան, Սեւան Նազարեան, Լոռի Պարազեան եւ ուրիշներ:

Ու կը մնան տակաւին թերթին տասնեակ մը թղթակիցները, որոնք Երեւանէն, եւրոպական թէ արաբական զանազան մայրաքաղաքներէ պարբերաբար թղթակցութիւններ կը ղրկեն, հարցազրոյցներ կ՛ընեն ու յօդուածներ կը պատրաստեն: Առանց մոռնալու թերթին խմբագրականները տարիներէ ի վեր, կանոնաւոր հերթականութեամբ, անգլերէնի եւ սպաներէնի թարգմանող «անծանօթ զինուոր»ները` Գրիգորիս Պողարեանը` Պէյրութէն եւ Աբրահամ Ահարոնեանը` Պուէնոս Այրեսէն (Ահարոնեան լոյս ընծայած է նաեւ «Մարզիկ»-ի խմբագրականներուն սպաներէն թարգմանութիւնը` երկու հատորով):

1995-էն ասդին կը գումարուին պատգամաւորական 5 ժողովներ, որոնք չորս տարին անգամ մը դրականօրէն կ՛արժեւորեն կատարուած աշխատանքը եւ նորանոր զոհողութիւններ յանձն կ՛առնեն թերթին շարունակականութիւնը ապահովելու համար: Մինչ այդ, «Մարզիկ» աստիճանաբար կը զարգանայ եւ ծովեր կտրելով, աշխարհով մէկ տարածուած ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն մազերակները կապուած կը պահէ կեդրոնի բաբախող սրտին: Խմբագիրի կողքին, յաջորդական վարչական կազմեր, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու հսկողութեամբ, կը նպաստեն թերթին արդիականացման եւ տարածման աշխատանքին:

Այսօր, իր հրատարակութեան 35-րդ տարուան սեմին, «Մարզիկ» կ՛ապրի զարգացման նոր շրջան մը: Թերթին վարչական աշխատանքները յառաջ կը տանի բազմանդամ նոր կազմ մը: Թերթը վերածուած է եռամսեայ հրատարակութեան: Միաժամանակ ան երկլեզու ներկայութիւն է միութեան համացանցի մայր էջին եւ Դիմատետրի բաժնին մէջ: Շուտով կը ներկայանայ նաեւ բջիջային հեռաձայնի application-ի ձեւով: Ան լոյս կը տեսնէ գեղատիպ հրատարակութեամբ, շատ յաճախ` բացառիկ թիւերով, նուիրուած` համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն թէ բանակումներուն:

marzig1_71416

Անշուշտ, կարելի չէ խօսիլ «Մարզիկ»-ի լոյս ընծայած բոլոր թիւերուն մասին: Թերթ մը հրապարակային քննութիւն է: Ընթերցողները իրե՛նք կը կատարեն թերթին գնահատականը:

2016-ը կը նշէ «Մարզիկ»-ի հրատարակութեան 35-ամեակը: Տարիներ անցած են, բայց թերթին նպատակներէն բան չէ փոխուած.

– Կապ հաստատել ՀՄԸՄ-ի աշխարհատարած բոլոր մասնաճիւղերուն միջեւ,
– Կեդրոնական վարչութեան խօսքը հասցնել Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու երիտասարդութեան,
– Ներկայացնել անոնց ՀՄԸՄ-ի գաղափարական դիմագիծը,
– Տարածել ՀՄԸՄ-ի ազգային ոգին,
– Տալ ազգային շունչով դաստիարակութիւն,
– Կերտել միեւնոյն մտածելակերպով ու գործելակերպով ՀՄԸՄ-ականներ:

Անցնող 35 տարիներուն ի՛նչ տուաւ «Մարզիկ», դիւրին է ենթարկել համադրական փորձի, որովհետեւ ժողովուրդին անմիջական տրամադրութեան տակ է ան իր 400 թիւերով եւ տակաւին չէ նետուած գրադարաններու այն դարակներուն մէջ, ուր կը շարուին հին ու արժէքաւոր հաւաքածոներ:

35-ամեակի առիթով, հաւանաբար, արդար է հարց տալ, թէ շրջապատը որքանո՛վ «Մարզիկ»-ը առաւ իր գուրգուրանքին տակ:

Յստակ է, որ այսօր չէ թուլցած եւ պիտի չթուլնա՛յ թերթը ամէնուրեք փնտռուած հրատարակութիւն մը դարձնելու կամքը: Կը մնայ, որ գտնուին մարդիկ, որոնք իրենց աչքին լոյսին պէս գուրգուրան թերթին, բարոյապէս եւ նիւթապէս քաջալերեն անոր լոյս տեսնելը, լուսաւորելու համար`

Դէպի յաղթանակ ՀՄԸՄ-ի երթին ճամբաները,

Եւ այդ յաղթանակը գիրով ու նկարով յաւերժացնող միութեան պաշտօնաթերթը:

marzig4_71416

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

aztagdaily

Scroll Up