«Քամփ Արմէն» Ճամբարի Ապագայով Մտահոգուած

Այս օրերուն Երեւանի մէջ կը գտնուին Սթամպուլի Կետիկ Փաշա թաղամասի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի պատասխանատու աշխատող Տելալ Տինքը, ճարտարագէտ Նազարէթ Պինաթլը, ճարտարապետներ Ալին Փոնթիօղլուն, Ժան Կաւրիլովը, բարերարներ Յարութ եւ Դալար Խորոզօղլուները:
Անոնք բոլորն ալ Սթամպուլի Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող «Քամփ Արմէն» պատանեկան տան շինարարական վերականգնողական աշխատանքներու յանձնախումբի անդամներ են:
Անոնք եկած են Երեւան` ծանօթանալու մանկական երիտասարդական ստեղծագործական կեդրոններու աշխատանքներուն, վերցնելու այն բոլոր դրականը, որ կրնան օգտագործել «Քամփ Արմէն» պատանեկան տան մէջ հանգրուանող հայ երեխաներու ամառնային հանգիստի կազմակերպման, ստեղծագործական մտածողութեան եւ գեղարուեստական ընդունակութիւններու զարգացման համար:
Հիւրերը այցելեցին «Թումօ ստեղծարար արուեստագիտութիւններու կեդրոն», ծանօթացան հմուտ մանկավարժներու եւ տեխնիկական մասնագէտներուն կողմէ ուղղորդուող ուսանողներու աշխատանքներուն` կայքերու եւ ֆիլմերու ստեղծման աշխատանքներուն, կառավարման համակարգին: Հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Նոր Նորքի «Շող» ցերեկային կեդրոնը, ծանօթացան սոցիալական դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն մէջ մեծցող եւ կրթական հիմնախնդիրներ ունեցող երեխաներուն հետ տարուող աշխատանքներուն: Զրուցեցին կեդրոնին մէջ աշխատող մանկավարժներուն, սոցիալական աշխատողին եւ հոգեբանին հետ: Հիւրերը իրենց հերթին ծանօթացուցին Աթամպուլի մէջ հայ երեխաներուն հետ տարուող աշխատանքներուն:
Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն պատմեց, թէ ինչ դժուարութիւններով իրենք կրցան անցեալ տարի վերադարձնել «Քամփ Արմէնը»: Ան ըսաւ, որ պատանեկան տան ընդհանուր տարածքը 8 600 ք.մ. է, սակայն այսօր իրենք կրցած են վերադարձնել ընդամէնը` 5000 ք.մ.:
Յիշեցնենք, որ 2015թ.-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի յիշատակի արարողութիւններէն յետոյ` Ապրիլ 24–էն քանի մը օր անց, լուր տարածուեցաւ, որ թրքական իշխանութիւնը կը ցանկայ հայկական համայնքէն վերցնել այս կեդրոնը եւ տեղը շքեղ առանձնատուներ կառուցել:
Մայիս 6-ին տեղի ունեցաւ թուրք ազգայնականներու առաջին յարձակումը, որն ալ պատճառ դարձաւ, որ ՙՆոր Զարթօնք՚ շարժման նախաձեռնութեան անդամներն ու մտահոգ քաղաքացիները շէնքի տարածքին մէջ օր ու գիշեր հերթապահութիւն իրականացնեն` «Քամփ Արմէնի» համար «դիմադրութիւն» կարգախօսով: Երկար պայքարէ ետք Հոկտեմբեր 27-ին «Քամփ Արմէն» ճամբարը վերադարձուեցաւ Կետիկ Փաշա թաղամաս գտնուող Հայ Աւետարանական եկեղեցի հիմնադրամին:
Յիշեցնենք, որ ԱՀԱԸ-ն 2015 թ. Մայիսին նամակով դիմած էր թրքական իշխանութիւններուն` խնդրելով կանխել ճամբարի քանդման աշխատանքները:
Ինչպէս նաեւ կոչ ըրած էր հայկական բոլոր եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն արձագանքել եւ նմանատիպ նամակներ ու դիմում-խնդրանքներ ուղարկել կառավարութեան բարձրաստիճան ղեկավարներուն:
Այս տարուան Յունիսի սկիզբը ԱՀԱԸ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եկաւ Սթամպուլ, ծանօթացաւ «Քամփ Արմէնի» ներկայ իրավիճակին եւ որոշակի գաղափարներ ու լուծումներ առաջարկեց յետագայ ընելիքներուն վերաբերեալ:
Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն վստահ է, որ յառաջիկայ ժամանակահատուածին կը կարենան վերադարձնել ամբողջը, եւ կը վերականգնուի երբեմնի հայ որբ մանուկներու ձեռքով կառուցուած իրենց պատանեկան տունը:
— Մենք շատ դժուարութիւններով անցանք, – կ’ըսէ վերապատուելին, – բայց փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր ամէն բան կարգին է: Շատ մարդիկ` հայ ճարտարապետներ, ինչու՞ չէ` նաեւ թուրք ճարտարապետներ կու գան եւ կ’առաջարկեն իրենց ծառայութիւնը` օգտակար ըլլալու «Քամփ Արմէնի» շինարարական վերականգնողական աշխատանքներուն:
Ի դէպ, մեր հայրենակից Հրանդ Տինքը մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն եղած է այս ճամբարի սանը, յետոյ դարձած է ջոկատավար, իսկ աւելի ուշ` ճամբարի ընդհանուր պատասխանատուներէն մէկը: Այստեղ Հրանդ Տինքը ծանօթացած իր ապագայ կնոջ` Ռաքէլ Տինքի հետ:
www.amaa.am