Ազգ. Ռուբինեան-Ս. Մ. Վարժարանի 2015-2016 Ուսումն. Տարեշրջանի Նախակրթարանի Ամավերջի Հանդէսը

Հայ պատանիները լիցքաւորել հայրենասիրական գաղափարներով կը նշանակէ՝ պատրաստել նոր նուիրեալներ, որոնք անձնուիրաբար պիտի ծառայեն սփիւռքին եւ հայրենիքին:
Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանը իր տասնեակ տարիներու առաքելութեամբ սերունդներ կանգուն պահեց:
Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վրադուհի Պչաքճեան» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 Ուսումնական տարեշրջանի նախակրթարանի Վկայականաց բաշխման հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տէր Նշան վրդ. Լախոյեանի, Նոր Հաճըն թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ քհնյ. Տէր Նարեկ Հէճինեանի, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմնի ատենապետ ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեանի, Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ եւ Հ.Կ.Բ.Մ.ի ատենապետ Տիար Արամ Մալեանի, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի ատենապետ Տիար Ռաֆֆի Մալեանի, Ռմէյլ թաղի Ս. Յարութեան եւ Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու թաղական Խորհուրդի ու Տիկնանց յանձնախումբերու ատենապետներու ու անդամներու, վարժարանի հոգաբարձութեան անդաներու, Արարտ օրաթերթի տնօրէն եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետ Տիկին Անի Եփրեմեանի, Լ.Օ.Խ.ի Կարս եւ Աստղիկ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ուսուցչական կազմի, պաշտօնէութեան, շրջանաւարտներու ծողներու եւ հարազատներու:
Սրահէն ներս ներկաները հիացմունքով ընբոշխնեցին հայ ժողովուրդն ու հայ վարժարանը խորհրդանշող՝ բեմի ետնապատի գծապատկերը, գործ՝ վարժարանի նկարչութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Ամալ Երամեանին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկընդրութենէ ետք նախակրթարան Զ. դասարանի աշակերտները գործադրեցին իրենց պատրաստած գեղեցիկ յայտագիրը:
Առաջին հերթին բեմը տրամադրուեցաւ վարժարանի երգչախումբին. աշակերտները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կատարեցին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ազգային հայրենասրական երգերու փունջ մը՝ «Կարօտել եմ տունն իմ հայրենի», «Հայաստան», «Գետաշէն», «Ամալ Ըլ Ժէյյի», «Ըշթաանա քթիր եա հապայէպ»…: Ներկաները բարձր գնահատեցին յաջող ելոյթը եւ շնորհաւորեցին իրենց երգի եւ հայերէն առարկաներու ուսուցչուհի Տիկ. Զարմինէ Կանաչեան Ասմինեանը:
Ապա հայերէն ուղերձը կատարեց Քէւըն Պէքարեան.
Ան սիրալիր ողջունեց ներկաները եւ կոչեց. «Տարիներ միասին ապրելէ, սերտելէ եւ խաղալէ ետք, օրը հասած է, որ մենք հրաժեշտ տանք մեր սիրելի Ազգ. Ռուբինեան- Ս. Մ Վարժարանին, ուր ամէն մէկ անկիւն ունինք լաւ յիշատակներ:
Այսօր ինծի վիճակուած է իմ եւ շրջանաւարտ դասընկերներուս անունով շնորհակալութիւն յայտնել այն անհուն զոհողութեան ու բարիքներուն համար, որոնք շռայլուեցան մեզի մեր դպրոցի յարկին տակ. բարերաներուն, բոլոր պատասխանատուներուն, տնօրէն Պրն. Յ. Կէրկէրեանին նաեւ մեր կրթական մշակներուն:
Ահա հասած է հրաժեշտի պահը եւ մենք այս վարժարանէն պիտի բաժնուինք՝ մեր հետ տանելով լաւ եւ գեղեցիկ յիշատակներ:
Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն՝ մեր ծնողներուն, իրենց մեծ ծառայութեան համար»:
Ան աւարտեց իր խօսքը բարձրաձայն արտասանելով թէ մենք կ’ըսենք ցտեսութիւն, ո՛չ՝ մնաք բարով եւ կը խոստանանք մնալ այս տան հարազատ զաւակները:
Արաբերէն ուղերձը կատարեց Մայքըլ Ֆայյատ.
Ան ըսաւ. «Այսօր ուրախ ենք, որովհետեւ շրջանաւարտ կ’ըլլանք այն վարժարանէն, ուր ստացանք մեր նախակրթարանի կրթութիւնը ուենալով՝ հոգատար տնօրէն եւ ուսուցչական կազմ: Նաեւ յուզիչ է պահը, որովհետեւ կը բաժնուինք մեր երկրորդ տունէն՝ մեր սիրելի Ազգ. Ռուբինեան-Ս. Մ. Վարժարանէն, ուր ունինք անմոռանալի յիշատակներ, որոնք մեր մտքերուն մէջ պիտի մնան առ յաւէտ»:
Խօսքը աւարտեց իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով՝ վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ իրենց ծնողաց:
Անգլերէն ուղերձը կատարեց Վանեսա Չիրիշեան.
Ան հպարտութեամբ արտասանեց.« Այսօր յատուկ օր է իմ ու շրջանաւարտ դասընկերներուն համար:
Դուք մեզմով հպարտ էք, որովհետեւ մենք առաջնորդուեցանք դէպ լոյս եւ կրցանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները՝ մեր կողքին ունենալով վարժարանի յարգելի տնօրէն. Պրն. Յակոբ Կէրկէրեանն ու աննման նուիեալ ուսուցիչները, որոնց զոհողութիւններն ու քաջալերանքը մեզի ներշնչեց ինքնավստահութիւն:
Մենք այստեղ ստացանք լաւ դաստիարակութիւն, դարձանք՝ իսկական հայեր նաեւ լաւ քաղաքացիներ:
Իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով բոլորը:
Ապա շրջանաւարտները Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը կատարեցին՝ խամբային ասմունք, որոնց ինքանվստահ եւ խոր յուզականութեամբ ելոյթը բոլորի կողմէ բարձր գնահատուեցաւ:
Իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Պրն. Յակոբ Կէրկէրեանը:
Ան ողջունելէ ետք բոլորը ըսաւ. «Մենք այսօր համախմբուած ենք մեր վարժարանի սրահէն ներս նախ. Զ. դասարանի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդէսի պերճանքը միասնաբար վայելելու, բարեխիղճ նուիրումով ու ծառայութեամբ կատարելով մեզի վստահուած ուսումնական ու ազգային պատմաքաղաքական եւ դաստիարակչական պարտականութիւնները՝ աւարտեցինք 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանը, Ազգ. Առաջնորդարանի Ուսմն. Խորհուրդի հետ գործակցաբար:
Ազգային վարժարանի առաքելութիւնն է ուսման կողքին՝ կերտել հայ մարդն ու պիտանի քաղաքացին, որ պիտի ծառայէ իր ազգին:
Մենք կը հաւատանք, որ մեծ է դերը հայ վարժարաններուն, հոն կը տրուի ազգային դաստիարակութիւն, հայ մանուկին սրտին մէջ հայ ազգին պատկանելիութեան վեհ դաստիարակութիւնը կը դրօշմուի եւ անոնք կը հասնին իրենց նպատակներէն շատերուն. Օրինակ հայ զանգուածի երկար յետապնդումներէ ետք, Գերմանիան 100 տարի անց, օրեր առաջ ընթունեց հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր մեղսակցութիւնը այդ արարքին:
Մենք պիտի շարունակենք՝ ուսուցանել մեր լեզուն, մեր կրօնքն ու պատմութիւնը. ուստի հայեցի շունչով դաստիարակուած ու իր արմատները լաւ ճանչցած պատանին՝ պիտի կարենայ լաւ կատարել իրեն վստահուած գործը եւ տէրը կանգնի իր դատին ու պատրաստ ըլլայ փութալու դէպի մարտադաշտ՝ կռուելու թշնամիին դէմ պաշտպանելու՝ հայրենիքը եւ Արցախը»:
Պրն. Տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանին իր հայրական հոգատարութեան, Ազգ. Իշխանութեան Ուսմն. Խորհուրդին, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք եւ շնորհաւորութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած էին այս վարժարանին:
Պրն. Տնօրէնը իր խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու ծնողները, անոնց մաղթելով ուսման մէջ նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձրունքներ:
Ապա երաժշտութեան ընկերակցութեամբ խանդավառ բեմ բարձրացան նախ. Զ. դասարանի տասնչորս շրջանաւարտները, առաջնորդութեամբ՝ իրենց դաստիարակուհի Օրդ. Ազնիւ Ալթունեանի եւ ստացան իրենց վկայականները Բարեջան առաջնորդ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանի, հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկ. Ռիթա Տէր Ստեփանեանի, վարժարանիս տնօրէն եւ Օրդ. Ազնիւ Ալթունեանի ձեռամբ:
Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն. Նուէրներ ստացան՝ Օրդ. Լուսին Թապագեանի կողմէ յատկացուած նախ. Զ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտներուն, Տէր եւ Տիկին Վարդան եւ Թագուհի Ինկիլիզեաններու կողմէ յատկացուած կրօնի բարձրագոյն միջինը ունեցող երկու աւարտական աշակերտները, նաեւ Վահրիճ եւ Վերժին Ճէրէճեան Ֆոնտի շրջանաւարտ երկու աշակերտները, ինչպէս նաեւ վարժարանի տիպար աշակերտուհին եւ իւրաքանչիւր դասարանի ուսման մէջ բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտները:
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Բարեջան Առաջնորդը:
Ան ըսաւ.« Այստեղ բոլորս համախմբուած ենք իբրեւ հայ դպրոցի բարեկամներ: Հակառակ մեր կեանքէն ներս տեղի ունեցած մեծ փոփոխութիւննեուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, հայ վարժարանը գոյատեւելով, ամէն տարի հանդիսութեան այս առիթով կը ներկայանայ եւ ապագայի նկատմամաբ մեզ կը լեցնէ նոր հաւատքով ու յոյսերով:
Պատահականօրէն մեր նախնիները չհաստատեցին հայ դպրոցները, որոնք ամրոցներ եղան, որպէսզի գոյատեւեք՝ մեր ինքնութիւնը ամրացնենք:
Հայ վարժարանն է, որ կը շարունակէ սերունդը կանգուն պահել, անոնց տալով հայեցի դաստիարակութիւն»:
Ան անդրադարձաւ, թէ դժուար գործ է դպրոց պահելը. ուստի որպէս գիտակից հայորդիներ հայ դպրոցին՝ մենք մեր սէրը, գուրգուրանքը եւ նուիրումը արտայայտենք»:
Ան իր հերթին շնորհաւորեց շրջանաւարտները անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Բարեջան առաջնորդը շնորհակալական խօսք յայտնեց՝ վարժարանի կրթական գործի նուիրեալներուն եւ ուսուցչական կազմին, որոնց զոհողութիւններով հայ վարժարանը մնաց եւ կը մնայ կանգուն:
Բարեջան առաջորդի Պահպանիչէն ետք՝ հնչեց «Վերջին Զանգ» երգը:
Յուզիչ էր պահը, բոլորի աչքերը արտասուքով լի, ուսուցչուհիները շրջապատեցին շրջանաւարտները եւ անոնք ըստ աւանդական սովորութեան բարձր նետեցին իրենց գլխարկները:
Շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները ընդունեցին շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթութիւններ:
Վարձքը կատար բոլորին:
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ – ԱՍՄԻՆԵԱՆ*
ragmamoul.net