«Արի Տան» Միջոցով Յոյս Ունիմ Հանդիպիլ Սուրիահայ Ընկերներուս».«Արի Տուն-2016» Ծրագիրի Մասնակից

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի 3-րդ փուլի մասնակից Վարուժան Կակոյեան Սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հալէպէն ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է Մարտ ամսուն: Մինչ այդ երբեք չէր եկած Հայրենիք:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Վարուժան ըսաւ, որ շատ հաւնած է Հայաստանի տեսարժան վայրերը, երեւանեան այգիները, ուր յաճախ ծնողներուն հետ զբօսանքի դուրս կու գան: Վարուժանին յատկապէս հայկական քարերն ու ժայռերը գրաւած են, որոնք անոր ուժ, վստահութիւն կը հաղորդեն:
Զրոյցի ընթացքին Վարուժան չթաքցուց, որ շատ կը կարօտնայ Հալէպը, կը կարօտնայ իր ընկերները, բնակարանն ու դպրոցը: Անընդհատ կը յիշէ բակային խաղերն ու ամառնային ճամբարները` յոյսով սպասելով այդ երանելի օրերու «վերադարձը»:
«Արի տուն ծրագիրի մասին արդէն գիտէի, տեղեակ էի նաեւ, որ Հայաստան հաստատուած սուրիահայ երեխաները նոյնպէս մասնակցելու հնարաւորութիւն ունին: Այդ հանգամանքն ալ ինծի ոգեշնչեց մասնակցելու ծրագիրին»,- ըսաւ Վարուժան` աւելցնելով, որ շատ կ’ուզէ սուրիահայ պատանիներուն եւ աղջիկներուն հանդիպիլ այն նպատակով, որ գուցէ անոնց մէջ իր ընկերներուն պիտի կարենայ գտնել: Ան անհամբերութեամբ կը սպասէ Ծաղկաձոր մեկնելուն, որպէսզի «Արի տուն» ճամաբարին մէջ հաճելի ժամանակ անցնէ, հայկական երգն ու պարը սորվի:
Խօսելով երազանքներուն մասին` Վարուժան ըսաւ, որ կը ցանկայ վիրաբոյժ դառնալ, որպէսզի բուժէ զինք դիմող բոլոր հիւանդները: Նաեւ կը սիրէ երգել, գծագրութեամբ զբաղուիլ եւ ազգականի` Աշոտ Նադանեանի մօտ ճատրակի դասընթացներուն յաճախել:
Գէորգ Չիչեան