Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Եւ Արցախի Ինքնորոշման Կողմնակիցները` Աւստրալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ դաշնային հերթական ընտրութիւններու արդիւնքով խորհրդարանէն ներս  քանի մը տեղեր բաժին  հասած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի կողմնակիցներուն:

Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:

Ձայներու հաշուարկը դեռեւս չէ աւարտած, սակայն այս թեկնածուներու յաղթանակը ակնյայտ է:

Անոնցմէ մէկը Աշխատաւորական կուսակցութենէն Թիմ Ուիլսոնն է, որ մէկ քառորդով հայ է:

Անոր կուսակից ընկեր Ճոն Ալեքսանտրը պահպանած է տեղը Սիտնէյի Պենելոնկ հայաշատ շրջանին մէջ: Ալեքսանտրը` Հայաստան-Աւստրալիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահն է, Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ամենաաշխոյժ պաշտպաններէն:

Աշխատաւորական Միշել Ռոուլէնտը պահպանած է տեղը Կրիուէյ շրջանէն: Ան Աւստրալիոյ կառավարութեան աշխուժօրէն կոչ կ’ընէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հիւսիսային Սիտնէյէն, ուր նոյնպէս մեծաթիւ հայ համայնք կայ, խորհրդարանին մէջ տեղը պահպանած է նաեւ աշխատաւորական Թրենթ Ցիմերման: Ան ուղերձով դիմած էր Թուրքիոյ` կոչ ընելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Սիտնէյի հիւսիսային եւս մէկ շրջանէ` Պրետֆիլտէն, խորհրդարանական լիազօրութիւնը  վերստացած է Փոլ Ֆլեթչերը, որ նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վաղեմի կողմնակից է:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է ընտրուած պատգամաւորները եւ յիշեցուցած, որ Մելպուռնին մերձակայ Քէյսի շրջանին մէջ պայքարը կը շարունակէ աշխատաւորական Յովիկ Մելքոնեան:

 

Scroll Up