Քալիֆորնիա 500,000 Հազար Տոլար Պիտի Յատկացնէ «Լարք» Երաժշտանոցին

«Լարք» երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Յունիս 27ին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունի կողմէ ստորագրուած 2016-2017 տարեշրջանի նահանգային 171 միլիառ տոլարնոց ամավարկին մէջ ուղղակի ամերիկահայութեան առնչուող երկու կարեւոր կէտեր կային։ Արդարեւ, ամավարկը մէկ միլիոն տոլար կը յատկացնէր Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին եւ 500,000 հազար տոլար՝ «Լարք» երաժշտանոցին:
Ողջունելով նահանգապետին այս որոշումը, «Լարք» երաժշտանոցը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այդ յատկացումը իրականացնելու աշխատանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանին։
«Լարք» երաժշտանոցը, որ վերջին 20 տարիներուն արուեստներու տարածման եւ դասաւանդման գծով հոյակապ աշխատանք կատարած է շրջանին մէջ, այս յատկացումով պիտի կարենայ շարունակել ու ընդարձակել իր դաստիարակչական, համերգային եւ ուսումնասիրական աշխատանքները եւ Կլենտէյլի մէջ գտնուող 4000 քառակուսի ոտքնոց պահեստանոց մը պիտի վերածէ մշակութային թանգարանի, որ համայնքին կեդրոններէն մէկը պիտի ըլլայ։