Հռոմի Պապի Հետ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Համար «Աղօթող» Երիտասարդները. Աղօթք Առ Եգիպտոս
Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանրական արարողութեան կը մասնակցին Եգիպտոս ծնած, սակայն վերջին տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած` Վալենթինա եւ Յակոբ Մազլումեանները, որոնք իրենց ծննդավայրէն բերուած բուռ մը հողով կը մասնակցին ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Պապի հնչեցուցած աղօթքին:
Կը ներկայացնենք եգիպտոսահայ երիտասարդներուն մասին «Հայերն այսօր»-ի փոքրիկ անդրադարձը:
Վալենթինա եւ Յակոբ Մազլումեանները երկուորեակներ են: Ծնած եւ մեծցած են Եգիպտոսի մէջ:
Եգիպտոսի մէջ հմտանալով գրաֆիքական ձեւաւորողի մասնագիտութեան մէջ` Վալենթինան երեք տարի առաջ Հայաստան վերադարձած է, որպէսզի Մայր Հայրենիքի մէջ գործունէութիւն ծաւալէ: Այժմ Վալենթինան կը յաճախէ Հենրիկ Իգիթխանեանի անուան Գեղագիտական դաստիարակութեան կեդրոնը:
Յակոբը երաժիշտ է: Հինգ տարի առաջ վերադարձած է Հայաստան:
Վալեթնինան եւ Յակոբը Հայաստանի մէջ շատ լաւ կը զգան, ընկերական շրջապատ ստեղծած են, որոնց հետ պարբերաբար շրջայցեր կը կատարեն Հայաստանի տեսարժան վայրերու մէջ` վայելելով չքնաղ բնութիւնն ու մաքուր օդը:
«Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի պապի հետ հանդիպման արարողութեան մասնակցելու ուրախութիւնը եւ յուզմունքը աննկարագրելի է, մեր հոգիի ապրումները խօսքերով չենք կրնար նկարագրել, անհամբեր կը սպասենք այդ պահուն: Հպարտ ենք, որ եգիպտահայ համայնքը ներկայացնելու պատիւը հէնց մեզի վստահուած է:
Լիայոյս ենք` այս այցելութեամբ խաղաղութիւն կը հաստատէ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսին Վալենթինա եւ Յակոբ Մազլումեանները:
Աւելցնենք, որ Վալենթինայի եւ Յակոբի նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի Սամսոն քաղաքէն կը սերին: