Ին՞չ Կը Տանի Հռոմի Պապը Հայաստանէն` Իբրեւ Նուէր. Բացառիկ Մանրամասնութիւններ Պատմական Այցէն

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետի` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի այցին կը պատրաստուի ողջ ազգը` Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք: Եռօրեայ այցի ձեռնարկներէն, որոնց մասին կարելի է տեղեկանալ հաստատուած օրակարգէն, գլխաւորը, թերեւս, Յունիս 25-ին Երեւանի սրտին` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կայանալիք ընդհանրական արարողութիւնը եւ խաղաղութեան աղօթքն է: Այդ աղօթքի միջոցով, որուն կը հետեւին կաթոլիկ համայնքի 1 մլր 200 մլն. հետեւորդները, ու առհասարակ` ամբողջ աշխարհը, Հռոմի պապը աղօթք կը յղէ, որպէսզի այս ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ վերահաստատուի կենսատու խաղաղութիւնը եւ դրացի ժողովուրդները ապրին համերաշխ գործակցութեամբ: Խաղաղութիւն, որուն կարիքը այսօր ունին շատ երկիրներ` ներառեալ նաեւ` Հայաստանն ու Արցախը:
«Հայերն այսօր»-ին յաջողած է պարզելու քանի մը հետաքրքրական դրուագներ յիրաւի պատմական համարուող այցէն: Ըստ ծրագիրի` Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներէն (Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, ԱՄԷ, Եգիպտոս, Թուրքիա, Իսրայէլ, Յորդանան, Քուէյթ, Իրան), շուրջ երկու տասնեակ հայազգի պատանիներ ու երիտասարդներ իւրօրինակ «նուէրներ» պիտի մատուցեն Հռոմի պապին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր երկրէն բերած հողը պիտի մատուցէ սրբազնագոյն քահանայապետին: Հռոմի պապը այս բոլոր հողերը կ’ամբողջացնէ Նոյեան տապանը յիշեցնող տարրայի մէջ, ատոր մէջ կը տնկէ Նոյին խորհրդանշող խաղողի որթը` իր հետ տանելով այն` իբրեւ հայ ժողովուրդի նուէրը Հռոմի պապին:
«Հայերն այսօր»-ը հանդիպած ու զրուցած է արարողութեան մասնակցելու բացառիկ հնարաւորութիւնը ստացած հայորդիներուն հետ, ծանօթացած անոնց կեանքի, ընտանիքի, նախնիներու պատմութեան, եւ խաղաղութիւն փնտրող հայորդիներու շուրթերէն լսած խաղաղութեան անոնց բանաձեւումը:
Մասնակիցներու պատմութիւնները «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ քիչ աւելի ուշ