Գերմանիա պիտի սառեցնէ՞ Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումները

Գերմանական մեծագոյն երեք օրաթերթերէն «Տի Վէլթ» կը գրէ, թէ Գերմանիա կը պատրաստուի սառեցնելու Թուրքիոյ մէջ իր ներդրումները, որպէս հետեւանք՝ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայկական բանաձեւի քուէարկութենէն ետք ստեղծուած լարուած կացութեան: Ըստ «Հայերն այսօրի»՝ այս մասին կը գրէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Խնդրոյ առարկայ լրատւութեան մէջ այդ քայլին որպէս պատճառ կը նշուին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քրտական քաղաքականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութենէն ետք ստեղծուած իրարանցումը, ինչպէս նաեւ գերման երգիծաբանին առընչուած դէպքը, որու դէմ Էրտողան դատական հետապնդում պահանջած էր՝ զինք նուաստացուցած ըլլալու մեղադրանքով:

«Տի Վէլթ» հարցին կապակցութեամբ զրոյցներ ունեցած է Գերմանիոյ տնտեսական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ: Անոնցմէ Վոլքէր Թրայէր, որ Գերմանիոյ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատներու միաւորման արտաքին առեւտուրի բաժնի տնօրէնն է, ըսած է, որ 2017-ին, թրքական շուկային մէջ գերմանական ընկերութիւններու տնտեսական նախատեսութիւնները ինք կը գնահատէ բաւական թոյլ: “Ապահովութեան վիճակը խաթարեց գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը։ Այդ պատճառով ալ նախագիծերու իրագործումը յետաձգուեցաւ։ Վերջին զարգացումները յատկապէս վնաս պատճառեցին միջին ձեռնարկատիրութիւններուն, իսկ մեծերը կրցան պահպանել իրենց ներդրումային ծրագրերը”, – յայտնած է ան:

Գերմանիոյ Ճարտարարուեստի դաշնակցութեան նախագահ Ուլրիխ Կրիլօ եւս առաջնակարգ խնդիր նկատած է ապահովութեան հարցը: “Մենք ցաւով կը հետեւինք վերջին շրջաններուն Թուրքիոյ զարգացումներուն։ Տնտեսութեան համար ապահով միջավայրը կենսական անհրաժեշտութիւն է։ Ներդրումներ կատարելու որոշումները ուղղակի կախեալ են ա՛յդ հանգամանքէն”, – ըսած է ան:

Scroll Up