Թուրքիոյ ՄԷջ Վանայ Կատուներու Վերահսկման Յատուկ Համակարգ Ստեղծած Են

Թուրքիոյ մէջ 100-ամեակի համալսարանի` Վանայ կատուներու հետազօտութեան կեդրոնը ատոնց վերահսկման համակարգ ստեղծած է:

Ըստ AA-ի` ստեղծուած համակարգը թոյլ կու տայ  ամբողջ երկրին մէջ վերահսկել Վանայ կատուները: Կատուի տէրերը կրնան դիմել կեդրոն` ներկայացնելով համապատասխան տուեալներ, որոնց հիման վրայ ալ կեդրոնը իր վերահսկողութիւնը կ’իրականացնէ:

Համակարգիչի միջոցով հնարաւորութիւն կը տրուի մօտէն հետեւիլ կատուներու վիճակին, իմանալ կատուի սեռն ու յատկութիւնները:

AA-ի հետ զրոյցին կեդրոնի տնօրէն Ապտուլլահ Քայեան յայտնած է, որ նոր համակարգի աշխատանքները յաջողութեամբ կ’ընթանան: Անոր խօսքով` համակարգը թոյլ կու տայ երկրին մէջ Վանայ կատուներու յայտնաբերման աշխատանքներ իրականացնել:

«Այս համակարգին միջոցով կրնաք իմանալ անոնց մասին տեղեկութիւններ, թէ երբ, որքան ձագ ունեցան եւ ինչ յատկութիւններ ունին»,- yerkir.am-ի փոխանցմամաբ` նշած է ան:

 

Scroll Up