Արցախը Կ’ակնկալէ Շփման Գիծին Վրայ Հետաքննութեան Մեքենականութիւններու Ներդրման Յատուկ Գործողութիւններ

Արցախը կ’ակնկալէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման յատուկ գործողութիւններ:

Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին- հետ զրոյցին նշած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու` յառաջիկային սպասուող հանդիպման:

«Սպասուող  հանդիպումը շատ կարեւոր է այն առումով, որ Վիեննայից յետոյ մի նոր ուղղութիւն է բացուել ղարաբաղա-ատրպէյճանական խնդրի կարգաւորման գործընթանում: Դա համապատասխան մեխանիզմների մշակումն ու սահմանային հատուածում կիրառումն է: Այն թոյլ կը տայ ֆիքսել զինադադարի ռեժիմի խախտումները: Վիեննայի հանդիպման ընթացքում ընդհանուր համաձայնութեան են եկել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները, այդ գործընթացը, փաստօրէն, մեկնարկել է: Հիմա մնացած բոլոր հանդիպումներում արդէն պէտք է ընդհանուրից դէպի մասնաւոր ընթացք ապահովել: Այսինքն` կոնկրէտ հարցեր քննարկուեն, օրինակ, տարբեր տիպի սարքաւորումների տեղադրման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի աշխատակիցների թուի աւելացման հարցը եւ այլն»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:

Ան նշած է, որ սահմանային հատուածին մէջ Վիեննայէն յետոյ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանուի, զինադադրի կարգի խախտումը շատ աւելի քիչ է, քան եղած է 2 կամ 4 տարի առաջ: Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով,  Ատրպէյճանը անկանխատեսելի պետութիւն է եւ համոզմունք կայ, որ ան ամէն ինչ պիտի ընէ գործընթացքը խանգարելու, երկարաձգելու համար` յառաջացնելով տարբեր խոչընդոտներ: Հետեւաբար, ըստ անոր, պէտք է աշխոյժ աշխատանք տանիլ, հնարաւորինս շուտ այդ մեքենականութիւնները ներդնելու համար: Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ այս հանդիպումները ուղղուած են առաւել շատ խաղաղութեան պահպանման, քառօրեայ պատերազմէն յետոյ ներկայ փուլին մէջ այլ հարցերու, մասնաւորապէս, քաղաքականի քննարկում դժուար թէ ըլլայ: Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ առանց հետաքննական մեքենականութիւններու ներդրման, առանց այդ սկզբնական օղակին, անհնար պիտի ըլլայ առաջ անցնիլը:

Անդրադառնալով պատերազմէն յետոյ Արցախի վերականգնման գործընթացքին` Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ այն ընթացքի մէջ է:

«Պատերազմից անմիջապէս յետոյ այդ գործընթացը սկսուել է, բնակչութեանը տրամադուել է օգնութիւն, անհրաժեշտ շինանիւթ տների վերականգնման համար: Ինչ վերաբերում բարոյահոգեբանական հարցին, ապա հասկանալի է, որ անդառնալի կորուստներ են եղել, եւ ինչ-որ ձեւով սփոփանքը կը լինի այն, որ շատ երեխաներ ծնուեն ամբողջ հայութեան կտրուածքով: Կարող եմ ասել, որ պատերազմից յետ ժողովրդի մօտ կայ նոյն հաստատակամութիւնը: Այս ամէնը մէկ անգամ եւս շեշտեց, որ Արցախի անկախ պետականութիւնը մեզ համար սրբազան արժէք է»,-ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:

Յունիս 20-ին Ս-Փեթեսրպուրկի մէջ կը կայանայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ: Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է Մայիս 16-ին Վիեննայի մէջ: Այն Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք նախագահներու առաջին հանդիպումն էր: 

Scroll Up