«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց, Ծաղկաձոր – 2013 (Յետադարձ հայեացք)

«Սփիւռք» ամառնային դպրոց-2013 ծիրէն  ներս, յուլիս 22-օգոստոս 2 Ծաղկաձորի գեղատեսիլ, չքնաղ գիրկին մէջ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուժերով բացուեցաւ սփիւռքահայ ամառնային դպրոցի «Երիտասարդ լրագրողներ»-ու եւ «Երիտասարդ առաջնորդներ»-ու ամառնային դպրոցի դասընթացները:

 Դասընթացներուն մասնակցեցան սփիւռքէն ժամանած 12 լրագրողներ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ), Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի եւ Ռումանիոյ հայ համայնքներէն:

 Դասընթացները առաջին օրէն իսկ շատ կազմակերպուած էին եւ անցան շատ հետաքրքիր: Դասախօսութիւնները մեծ յաջողութեամբ վարեցին Հայաստանէն եւ արտերկրէն հրաւիրուած շատ հմուտ, փորձառու մանկավարժ մասնագէտներ, պատմագէտներ, քաղաքագէտներ, հեռատեսիլի եւ մամուլի ճանչցուած անձնաւորութիւններ: Բոլոր դասախօսութիւնները անխտիր կ’ընթանային շատ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին պահը լսարանը անմիջական, կենդանի, աշխոյժ կապի մէջ ըլլալով տուեալ դասախօսին հետ` հարց ու պատասխանի միջոցով:

Լրագրողներու դասախօսութիւններուն յաճախ ներկայ կ’ըլլային եւ «Երիտասարդ առաջ֊նորդներ»-ը, եւ հարց ու պատասխանները կը դառնային շատ աւելի հետաքրքիր եւ գործնական: Երիտասարդներու տուած հարցերէն կը զգացուէր, թէ իւրաքանչիւր շօշափուող նիւթ որքանով հարազատ է եւ որքանով կը յուզէ: Անոնցմէ ամէն մէկը, ապրելով հայրենիքէն հեռու, մէկ-մէկ հայրենասէրներ էին, եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրները եւ մարտահրաւէրները կը յուզէին անոնց հաւասարապէս, ինչպէս հայրենիքին մէջ ապրող իրենց հասակակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Բոլոր մասնակիցներն ալ կը փորձէին միասնաբար գտնել բոլոր հարցերու եւ խնդիրներու պատասխանները:

 Դասախօսութիւններով չծանրաբեռնուելու համար նախատեսուած էին եւ ազգային երգի ու պարի դասընթացներ, որոնք շատ ուրախացնող եւ ոգեւորող էին շնորհիւ երգարուեստի մշտաժպիտ դասատուներ Գայիանէի եւ Լիլիթի, որ բոլոր մասնակիցներուն սիրով կը սորվեցնէին մեր քաջարի եւ հայրենասիրական երգերը` կարօտով եւ հպարտու֊թեամբ լեցնելով երիտասարդներու հոգիները:

 Վերադառնալով դասախօսութիւններուն` կ’ուզէի յիշատակել ԵՊՀ-ի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ տոքթոր փրոֆէսոր պարոն Ալեքսանտր Մանասեանի չափազանց հետաքրքիր դասախօսու֊թիւնները Ղարաբաղեան հիմնախնդիրներու վերաբերեալ, որ երբեմն կ’ընդմիջուէին երիտասարդներու տուած շատ խելացի եւ տեղին հարցերով` աւարտելով պարոն Մանասեանի դիպուկ պատասխաններով: Հետաքրքրութեամբ եւ մեծ ուշադրութեամբ ունկընդրուեցան նաեւ Արեւելագիտութեան ինստիտուտի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանի, Հայագիտութեան ինստիտուտի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանի, ԵՊՀ-ի պատ֊մութեան բաժանմունքի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ Ալբերտ Ստեփանեանի, Սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու վարչութեան պետ Անդրանիկ Արշակեանի, ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Անահիտ Մենէմշեանի, ՀՀ առաջին լրատուական մեկնաբան, լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանի, ԱՄՆ-էն ժամանած  համացանցային լրատուական գործարար, գովազդային տեղեկատուութեամբ զբաղող Արմէն Յարէյեանի, տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանի դասախօսութիւնները:

Դասախօսական վերոյիշեալ կազմին հետ տեղի ունեցան նոյնպէս կլոր սեղան քննարկումներ, որ ընթացան բացառիկ հետաքրքրութեամբ` ուղեկցութեամբ եւ շատ ուսանելի տեսաժապաւէններու:

 Ուղիղ միացման միջոցով հարց ու պատասխան տեղի ունեցաւ երիտասարդ լրագրողներու եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ` մեզ հետ ըլլալով նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակական վարչութեան գործուն աշխատակցուհի, բարեհամբոյր տկն. Էւելինա Բաղդասարեան:

Շատ խանդավառ, բարեկամական մթնոլորտի մէջ անցաւ ամառնային դպրոցի բոլոր մասնակիցներու հանդիպումը` Հայաստանի Սփիւռքի նախարար տկն. Հրանոյշ Յակոբեանին հետ: Հանդիպումէն ետք տկն. Յակոբեան մասնաւոր զրոյց ունեցաւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու եւ լրագրողներուն հետ` մաղթելով անոնց, որ հնարաւորութեան պարագային աւելի յաճախ այցելեն Հայաստան եւ երբեք չմոռնան, որ իրենք այս երկրի հարազատ զաւակներն են եւ իւրաքանչիւր վերադարձին իրենց ա՛լ աւելի հայ զգան:

Հետաքրքիր եւ բովանդակալից հանդիպումներ տեղի ունեցան եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմական գիտութիւններու տոքթոր փրոֆէսոր ԵՊՀ-ի տնօրէն Արամ Սիմոնեանի, Հայաստանի փոխ ԱԳ նախարար Շաւարշ Քոչարեանի, Modus Vivendi կեդրոնի նախագահ Արա Պապեանի հետ: Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ լրագրողներուն դիմաւորեց եւ ջերմ զրոյց ունեցաւ անոնց հետ Լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն  պրն. Նաղաշ Մարտիրոսեան:

Սփիւռքի լրագրողները եւ առաջնորդները գտնուեցան նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրը, ուր եւ անոնց հետ հանդիպում ունեցաւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար պրն. Վիգէն Սարգսեան: Իր ողջոյնի խօսքէն ետք պրն. Սարգսեան սիրով պատասխանեց ներկաներու բոլոր հարցումներուն:

Ամառնային դպրոցի մասնակիցներս այցելեցինք Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին, Օշական ապա նաեւ Եռաբլուր, ուր եւ շատ յուզիչ պահեր ապրեցանք բոլորս ալ:

Ամառնային դպրոցի գրեթէ բոլոր դասընթացներուն մեզ հետ էր եւ ժրաջան կ’աշխատէր Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականի թղթակից, ժպտադէմ եւ միշտ սիրալիր Լուսինէ Աբրահամեան:

Ամառնային դպրոցի աշխատանքներու վերջին օրը նշուեցաւ հայկական ազգային երգ եւ երաժշտութեան խրոխտ հնչիւններու, որոտընդոստ պարերու ու հայերէն լեզուով գեղեցիկ արտասանութիւններու փայլուն կատարումներով, չմարող «պրաւօ» բացականչութիւններով ու անվերջանալի ծափերով:

 Ամառնային դպրոցի շատ կարեւոր ձեռքբերումներէն եւ առաւելութիւններէն մէկը այն էր, որ բոլոր մասնակիցներուն միջեւ ստեղծուեցաւ շատ ամուր, սերտ բարեկամական կապ մը, որ պիտի շարունակուի այսուհետեւ ալ եւ ա՛լ աւելի պիտի ամրացնէ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջը, որպէսզի իւրաքանչիւր սփիւռքի մէջ ապրող հայ չմոռնայ իր ինքնութիւնը, իր արմատները, չմոռնայ հազարամեակներով չափուող հայ մշակոյթը, հայ աւանդոյթներն ու բարքերը եւ ուր ալ ըլլայ աշխարհի մէջ հպարտութեամբ ու արժանապատուութեամբ կրէ հայու պատուաւոր անունը:

Մատլէն Տէր-Ղուկասեան, Ռումանիա

Scroll Up