Հայ Եատուիկա Զառուկեւիչովայի Վերայուղարկաւորման Արարողութիւն Վարշաւայի Մէջ

Մայիս 30-ին Վարշաւայի մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ զինուորական կարգով տեղի ունեցած է նշանաւոր հայուհի, Լեհաստանի Անյայտ Զինուորի խորհրդանշական մայր հանդիսացող Եատուիկա Զառուկեւիչովայի վերայուղարկաւորման արարողութիւնը:
Արարողութեան նախորդեց Վարշաւայի` Լեհաստանի բանակի եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուած սուրբ պատարագ, որուն ներկայ էին Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան, Լեհաստանի Սէյմի նախագահի տեղակալ Եոախիմ Պրուճինսկին, Լեհաստանի Նախագահի խորհրդական Պարպարա Ֆետիշակ-Ռաճէյովսկան, ԼՀ պատերազմի վեթերաններու եւ բռնադատուածներու յիշատակի պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար-նախարար Անժէյ Քշիշտոֆ Գուներտը, ԼՀ Զինուած Ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներու պատասխանատու զինուորականներ, հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Եատուիկա Զառուկեւիչովայի ընտանիքի անդամները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութենէն:
Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ ԼՀ Նախագահ Անժէյ Տուտայի հրամանագիրը, որմով Եատուիկա Զառուկեւիչովան յետմահու պարգեւատրուած է Լեհաստանի Վերածնունդի Ասպետական Խաչ շքանշանով:
Պատարագի ժամանակ ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Էդգար Ղազարեան:
Եատուիկա Զառուկեւիչովայի վերայուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Վարշաւայի Զինուորական պանթէոնին մէջ, իսկ գերեզմանը յաւերժացաւ Հայաստանէն յատուկ այդ նպատակով բերուած խաչքարով:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ԼՀ պատերազմի վեթերաններու եւ բռնադատուածներու յիշատակի պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար-նախարար Անժէյ Քշիշտոֆ Գուներտը, ԼՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, փրոֆէսոր Վոյչէխ Ֆալկովսկին, Լեհաստանի Հայկական հիմնադրամի փոխնախագահ Մաչէյ Փողօսեւիչը, Եատուիկա Զառուկեւիչովայի թոռը: