Դաւիթաշէնը Հիւրընկալեց 30 Արցախցի Երեխաներու

Մարտակերտցի 12-ամեայ Աննան առաջին անգամ  Երեւան կու գայ: Մանկական աչքերուն մէջ կը զգացուի  տեսակ մը անհանգստութիւն` անծանօթ միջավայրի մէջ առանց ծնողներուն գտնուելու արդիւնքով: Սակայն ատիկա շատ կարճ կը տեւէ, որովհետեւ Աննան միայն երեխաներուն հասու ունակութեամբ կը զգայ, որ յայտնուած է հարազատ միջավայրի մէջ եւ շատ արագ ալ կը մերուի այդ միջավայրին:
Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` Աննան 29 այլ արցախցի փոքրիկներու հետ միասին չորս օրով Դաւիթաշէն վարչական շրջանի ղեկավար Ռուսլան Բաղդասարեանի հրաւէրով եկած է Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը` Յունիս 1-ը նշելու համար: Իսկ դաւիթաշէնցիներն ու վարչական շրջանի աշխատակազմը ամէն ինչ պատրաստած են, որպէսզի անոնք լիարժէք վայելեն իրենց տօնը:
30 փոքրիկներուն բազմազբաղ ու հետաքրքիր օրեր կը սպասեն:
Այսօր անոնք մասնակցեցան Կեդրոնական այգիին մէջ վարչական շրջանին կողմէ կազմակերպուած երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան հետ կապուած ձեռնարկին:
Ռուսլան Բաղդասարեանի հետ, որ ձեռնարկին եկած էր իր երեխաներուն հետ, անոնք կիսուեցան առաջին տպաւորութիւններով, զգացողութիւններով, պատմեցին իրենց բնօրրանի, իրենց առօրեայի ու իրենց երազանքներու մասին` մանկական անկեղծութեամբ, բայց եւ մեծական լրջութեամբ:
Երեխաներն այս երեք օրերուն ընթացքին պիտի  մասնակցին տարբեր շրջագայութիւններու ու հետաքրքիր ձեռնարկներու, ձեռք կը բերեն նոր ընկերներ: Իսկ Երեւանէն կը հեռանան իրենց հետ տանելով ոչ միայն լաւ տպաւորութիւններ, նոր ծանօթութիւններ, այլ նաեւ նուէրներ:

դավթաշենդավթաշեն1 դավթաշեն2դավթաշեն3 դավթաշեն4դավթաշեն7 դավթաշեն8դավթաշեն9 դավթաշեն10դավթաշեն11 դավթաշեն12

Scroll Up