Ամերիկացի Փորձառու Դիւանագէտ Մը Եւս Կը Հեռացուի Աշխատանքէն

«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի 17 Մայիսի թիւին մէջ Տէյվիտ Իկնատիուսի «Կարծիքի սիւնակ»ի վերնագիրը՝ «Երբ դիւանագէտները կը պատժուին իրենց աշխատանքը կատարելու համար», դառն յիշողութիւններ արթնցուց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվընզի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համարձակութեան համար հարկադրաբար հրաժարելուն մասին, ինչպէս որ նկարագրուած է վերջերս լոյս տեսած՝ «Պատանդուած ճշմարտութիւն. Ամերիկան եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Ի՞նչ էր երէկ: Ի՞նչ է այսօր», անոր գրքին մէջ:

Իկնատիուսի յօդուածը մէկ այլ դիւանագէտ, պետական քարտուղարի նախկին օգնական Ռապին Ռաֆելի նկատմամբ գայթակղեցուցիչ վերաբերումի մասին էր. Ռաֆել հետաքննութեան տակ էր Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Բաժանմունքի կողմէ՝ լրտեսութեան մեղադրանքով:

Ամերիկացի ականաւոր դիւանագէտ էր Ռաֆել: 2014-ին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէկ հօդուածին մէջ ան կը նկարագրուի իբրեւ «Ուաշինկթընի դիւանագիտական եւ վերլուծական շրջանակներու ամէնէն պահանջուած անձնաւորութիւնը…: Ստուգման նպատակով այցելութեան ժամանակ ան Փաքիստանի հարցերով աւագ խորհրդական էր Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակին մէջ: Այդ աշխատանքի ծիրէն ներս ան հիմնականին մէջ պատասխանատու էր ոչ ռազմական օգնութեան համար, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական դրամաշնորհները եւ խթանման միջոցները: 67-ամեայ կին դիւանագէտը երկար տարիներ եղած է Փաքիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առաւել բարձրաստիճան խորհրդականներու շարքին…: Հետաքննութեան Դաշնակցային Բիւրոյի (ՀԴԲ) կողմէ անոր տան խուզարկութեան ժամանակ ան արդէն թոշակի անցած էր արտաքին  ծառայութենէն, սակայն կ՛աշխատէր Պետական Բաժանմունքին համար, վերականգնուած եւ սահմանափակ պայմանագրով, որ մասամբ կախուած էր անոր խիստ գաղտնի փաստաթուղթերու մատչելիութեան արտօնութենէն»:

Ռաֆել իր պաշտօնական ասպարէզը սկսած է իբրեւ Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութեան (ԿՀՎ) վերլուծաբան: Ան 30 տարի եղած է դիւանագիտական ծառայութեան մէջ՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Թունիսի մէջ: 1993-ին Ռաֆել նշանակուած է պետական քարտուղարի առաջին օգնական Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով: 2005 թուականին ան թոշակի անցած է եւ 2009-ին վերադարձած է աշխատանքի իբրեւ խորհրդատու՝ Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Հոլպրուքի: Մինչեւ այդ պաշտօնը ան իբրեւ լոպիիստ աշխատած է Cassidy & Associates ընկերութեան համար՝ ներկայացնելով Փաքիստանը, Հասարակածային Կուինեան եւ Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի տարածաշրջանային կառավարութիւնը, կը յայտնէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:

Ռաֆելի հետաքննութիւնը սկսաւ 21 Հոկտեմբեր 2014-ին, երբ անոր տան մէջ կողոպուտի ազդանշան հնչեց: Անհաւատալիօրէն, ՀԴԲ-ի գործակալները չէին կրցած շրջանցել ազդանշանային համակարգը, բան մը, որ կը յաջողի հասարակ կողոպտիչներու հետ…: Ռաֆել շտապեց տուն եւ գործակալները գտաւ իր թղթապանակները դիտելու վիճակի մէջ. անոնք գաղտնի փաստաթուղթեր կը պարունակէին: Միաժամանակ, ՀԴԲ-ի այլ գործակալներ կը զննէին եւ կը կնքէին Պետական Բաժանմունքի անոր գրասենեակը: Հետագային, Ռաֆել վարչական արձակուրդի ուղարկուեցաւ, անոր գաղտնիութեան արտօնութիւնը ուժը կորսնցուցած յայտարարուեցաւ, իսկ Պետական Բաժանմունքի հետ իր աշխատանքային պայմանագիրը չնորոգուեցաւ:

Այս տարուան Մարտին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը յայտնաբերեց, որ «հարցաքննութիւնը սկսաւ, երբ ամերիկացի քննիչները լսեցին հեռախօսային զրոյց մը, ուր Փաքիստանի պաշտօնեան կ՛ըսէր, թէ իր կառավարութիւնը ամերիկեան գաղտնի տեղեկութիւններ  ստացած է Ռաֆելէն, խօսակցութիւններ, որոնք յանգեցուցին ամիսներ տեւած գաղտի հետապնդման» եւ մեղադրանքներու, ըստ որոնց՝ ան կը լրտեսէ Փաքիստանի օգտին:

Իկնատիուս իր յօդուածին մէջ նշած է, որ Ռաֆելի գործը կը բարձրացնէ շարք մը «մտահոգիչ հարցեր այն մասին, թէ ինչպէս մօտաւորապէս 40 տարուան աշխատանքային փորձ ունեցող դիւանագէտը յայտնուած է իր ասպարէզը կործանող քննութեան մը ուշադրութեան կեդրոնը, ըստ երեւոյթին, առանց Պետական Քարտուղարութեան ոեւէ բանիմաց պաշտօնեայէ մը պարզաբանումներ ստանալու անոր նշանակման մասին՝ Փաքիստանի հետ խիստ լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորելու այլընտրանքային ուղիներ գտնելու համար»:

 Ռաֆել բացատրած է Իկնատիուսին. «ՀԴԲ-ի իմ գործս ի սկզբանէ սխալ էր, որովհետեւ անոնք հիմնաւորապէս սխալ պատկերացում ունեցած են դիւանագէտներու կատարած աշխատանքին մասին»:

Ռաֆելի փաստաբաններէն մէկը՝ ԿՀՎ-ի նախկին գլխաւոր իրաւախորհրդատու Ճեֆ Սմիթ, ըսած է Իկնատիուսին, որ «եթէ Բիւրոն [ՀԴԲ] զրուցած ըլլար Պետական Բաժանմունքի բարձրաստիճան անձանց հետ, որոնք տեղեակ էին անոր աշխատանքին մասին, ապա կը կարծեմ, որ անոնք երբեք չէին սկսեր այս քննութիւնը»:

Այս տարուան Մարտին Ռաֆելի մէկ այլ փաստաբանը՝ Էմի Ճեֆրըս, ըսած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին. «Մեր ազգային անվտանգութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի, որ մեր դիւանագէտները կարենան աշխատիլ առանց վախնալու, որ իրենց դիւանագիտական սովորական նամակագրութիւնները կ՛ենթարկուին քրէական քննութեան»: Ռաֆելի գործընկերները հաւաքած են 90 հազար տոլար՝ անոր իրաւական պաշտպանութեան հիմնադրամին համար:

Թէեւ Արդարադատութեան Բաժանմունքը ի վերջոյ հրաժարեցաւ Ռաֆելի դէմ բոլոր մեղադրանքներէն՝ անոր գործը «սթափեցնող ազդեցութիւն ունեցաւ այլ դիւանագէտներու վրայ, որոնք կը վախնան, որ յաջորդը իրենք կրնան ըլլալ», Իգնատիուսին ըսած են Պետական Բաժանմունքի կարգ մը պաշտօնեաներ:

Դեսպան Էվընզի եւ պետական քարտուղարի նախկին օգնական Ռաֆելի պէս փորձառու տիպարներու  հեռացումը կը զրկէ Միացեալ Նահանգները իրազեկ եւ պարկեշտ դիւանագէտներէ, որոնք կրնան անվախօրէն պաշտպանել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական շահերը՝ արդիւնաւէտ եւ արդարացի կերպով:

Քանի դեռ շատ ուշ չէ, պէտք է Քոնկրեսի մէջ լսումներ իրականացնել երկու յայտնի քաղաքացիական ծառայողներու՝ Էվընզի եւ Ռաֆելի հանդէպ դաժան վերաբերմունքի մասին: Առնուազն պէտք է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը կամ պետական քարտուղարը պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեն այս երկու դիւանագէտներէն…

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com 

Արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Scroll Up