«Մեծ Սիրով Կը Կատարեմ Կոմիտաս».Անի Աղաբէկեան

Ջութակահարուհի Անի Աղաբէկեան 2004 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական երաժշտանոցը եւ մեկնած  Գերմանիա` ուսումը շարունակելու:

Այժմ Անին կը բնակի Գերմանիոյ մէջ, կը դասաւանդէ, համերգներով հանդէս կու գայ տարբեր բեմերու վրայ:

2011 թուականին ստեղծած է Գերմանահայկական երաժշտական միութիւնը: Միութիւնը կ’աջակցի հայ երաժիշտներուն, կը նպաստէ հայ երաժշտութեան տարածման:

«Ամէն տարի Կարցուէ քաղաքին մէջ կը կազմակերպենք գերմանահայկական համերգաշար: Տարբեր ազգերու հանրայայտ երաժիշտներ կը կատարեն գերմանական եւ հայկական երաժշտութիւն»,- նշեց Անի Աղաբէկեան ու շարունակեց:- Այս տարի մայիսին մեր միութիւնը առաջին անգամ Երեւանի մէջ կազմակերպեց ջութակի վարպետութեան դասեր, որուն մասնակցեցաւ 12 ջութակահար` Հայաստանէն, Արցախէն, Քորէայէն եւ Գերմանիայէն: Նախագիծը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ,  եւ այն շարունակական պիտի ըլլայ:

Նպատակ ունինք նաեւ տպագրել  գիրք մը, ուր կը ներառուին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները  հայերէն եւ գերմաներէն լեզուներով»:

Այս անգամ Անի Աղաբէկեան Երեւան  ժամանած էր` մասնակցելու «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօնին.

«Ես անչափ հպարտ եմ, որ հրաւէր ստացայ մասնակցելու փառատօնին: Գերմանիոյ մէջ միշտ մեծ հպարտութեամբ ու սիրով կը կատարեմ Կոմիտաս. շատ կը սիրեմ յատկապէս «Կռունկը»: Եթէ Հայաստանի հետ կապուած ձեռնարկ ըլլայ, անպայման այդ ստեղծագործութիւնը կը  կատարեմ:

Գերմանիոյ մէջ իմ մագիստրոսական աշխատանքը նուիրուած էր  Կոմիտասին: Մեծ խնդիրներ յառաջացան, որովհետեւ անդրադարձած էի նաեւ Ցեղասպանութեան, մեծ վէճեր եղան, բայց ես կրցայ պայքարիլ ու աշխատանքս աւարտին հասցնել:

Մեծ է Կոմիտասի արժէքը: Անոր յաւերժական ներկայութիւնը, ժառանգութիւնն ու ստեղծագործութիւնները մեր ամենամեծ հարստութիւններէն են»:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up