Նորօրեայ Սարդարապատ Արցախի մէջ
Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար…
1918-ին Աւարայրէն ջանք առած խենթերն այդ հնարը գտան Սարդարապատի մէջ, երբ վտանգուած էր որպէս հայ ապրելու եւ անհայրենիք մնալու դարերէն եկող մեր իրաւունքը: Հնարը յաղթանակն էր ու Անկախութեան հռչակումը:
…Պատմութիւնը կը սիրէ կրկնուիլ: Մեզի` հայերուս համար, շատ յաճախ այդ կրկնութիւնը կը պահանջէ ինքնազոհողութիւն ու մահ իմացեալի գիտակցութիւն: Գիտակցութիւն, որ երբեք չի նիրհեր մեր հոգիներէն ներս:
…Մենք չյանգանք դեռ կը գանք, Երբ տան զանգը, ահազանգը…
Ահազանգը տրուեցաւ 2016 թուականի Ապրիլ 2-5` Արցախ` քառօրեայ պատերազմին ու նորօրեայ Սարդարապատի մէջ: Այդ երկու մարտերուն թշնամին ու հերոսը նոյն դէմքն ունէին ու միեւնոյն առաքելութիւնը` տիրել ու յաղթել:
Հայու ոգին պարտուիլ չի գիտեր. յաղթեցինք Սարդարապատի մէջ, յաղթեցինք նաեւ Արցախի մէջ: Նոյնն էր «հնարը», նոյնն էին խենթերը, միայն ժամանակը ուրիշ էր ու անունները:
Սարդարապատի մէջ թրքական 10 հազարանոց կանոնաւոր զօրքի դէմ դուրս եկաւ 6 հազարանոց Հայկական բանակն ու աշխարհազօրը: Մարտնչելով անհաւասար մարտի մէջ` հերոսաբար յաղթեց` բոլորիս պարգեւելով ազատ, անկախ հայրենիք ու պետութիւն:
Արցախի մէջ ժամանակակից տեխնիկայով գերյագեցած թշնամիի բանակի յառաջխաղացումը կասեցուցին մեր 18-20 տարեկան տղաները: Հերոսներ, որոնց համար հայրենիքը կը սկսէր այն խրամատէն, որ ապրիլեան գիշեր մը դարձաւ կենաց ու մահու ճակատամարտ` նորօրեայ Սարդարապատ: Մեր հերոս տղաները նայելով մահուան աչքերուն` կրցան ժպտալ մահուան ու հերոսանալ…
Արցախի մէջ թշնամին պարտուեցաւ այնպէս, ինչպէս Սարդարապատի մէջ:
Սարդարապատի մէջ համազգային պայքարին զինուորագրուեցան հասարակութեան բոլոր խաւերու ներկայացուցիչները: Գրողն ու գիտնականը, հասարակ գիւղացին բահ ու մանգաղով կանգնելով զինուորի կողքին` յաղթեցին միասնաբար:
Քառօրեայ պատերազմի առաջին իսկ վայրկեաններէն Արցախ շտապեցին կամաւորականները` ժամ առաջ կանգնելու զինուորին կողքին: Հայր ու որդի, պապ ու թոռ միասին, ուս-ուսի պաշտպանեցին բոլորիս հայրենիքը: Պատերազմեցան կողք-կողքի փորձառու կամաւորն ու մէկ օրուան անպարտելի դարձած զինուորը:
Պատերազմեցան ու յաղթեցին այնպէս, ինչպէս Սարդարապատի մէջ:
Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդի կողքին հերոսաբար կը մարտնչէին եզիտի աշխարհազօրայինները`Ճհանկիր աղայի գլխաւորութեամբ: Կը կռուէին արիաբար, որովհետեւ այս հողը նաեւ անոնց հայրենիքն է:
Հայն ու եզտին մարտնչեցին կողք-կողքի ու յաղթեցին:
Արցախի մէջ հայ զինուորի կողքին կը կռուէր նաեւ եզիտի զինուորը: Քեարամ Սլոյեանի անունը օրեր շարունակ բոլորի շուրթերուն էր, իսկ անոր «Ձեզ մենակ չեմ թողնի հրամանատար» թեւաւոր խօսքի ուժ ստացած արտայայտութիւնը դարձաւ հայ եւ եզիտի ժողովուրդներու բարեկամութեան նորօրեայ վերահաստատումը:
Հայն ու եզիտին կողք-կողքի պատերազմեցան Արցախի մէջ ու յաղթեցին այնպէս, ինչպէս Սարդարապատի մէջ:
Սարդարապատի ճակատամարտին կը մասնակցէին հոգեւորականներ: Էջմիածինի հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանց (յետագային` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս), Էրզրումի թեմի առաջնորդ Զաւէն եպիսկոպոս Պապայեան. երկու հոգեւորականներ, խաչը բարձր պահած, կ’անցնին զօրքի գլուխն ու հայ զինուորներուն կ’առաջնորդեն մարտի:
Գրեթէ 100 տարի անց Արցախ մեկնեցան նաեւ հոգեւորականներ:
Խաչն ու զէնքը ձեռքին` մարտնչեցան ու յաղթեցին յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի` ինչպէս Սարդարապատի մէջ:
Սարդարապատի ճակատամարտի 5 օրերուն ընթացքին ղօղանջած են Արարատեան դաշտավայրի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ոտքի հանելով ողջ ժողովուրդը:
Արցախեան քառօրեայ պատերազմին մէջ չղօղանջեցին եկեղեցիներու զանգերը: Փոխարէնը` Հայաստանէն մինչեւ Ամերիկա, Ռուսաստան, Եւրոպա ու Գանատա ղօղանջեցին մեր «հոգիի» զանգերը, որոնք ոտքի հանեցին ու միաւորեցին բոլորիս` ստիպելով հայեացքները ուղղել դէպի Արցախ: Այդ «զանգերու» ղօղանջները կը լսուին առ այսօր:
Տարիներ անց` 1968-ին, Արմաւիրի բարձունքներէն մէկուն վրայ վեր խոյացաւ Սարդարապատի անմահ հերոսներուն նուիրուած յուշահամալիրը, որ իւրատեսակ ուխտատեղի է իւրաքանչիւր հայու համար:
Քառօրեայ պատերազմէն մօտ երկու ամիս անցած է: Թարմ է ինչպէս յաղթանակի բերկրանքը, այնպէս ալ կորուստի ցաւը: Պատերազմէն օրեր անց իւրաքանչիւր հայու համար ուխտատեղի դարձած են արցախեան մերօրեայ հերոսներու տունն ու դպրոցը, բակն ու խրամատը, ուր անոնց ծիծաղը հնչած է ու արիւնը թափուած…
Սարդարապատի եւ Արցախի հերոսները նոյն խենթերն էին, որոնք երբեք չեն նիրհեր մեր հոգիներուն մէջ:
…Մենք չընկանք, մենք միշտ կանք…
յաւերժ խոնարհում ու խնկարկում…
Լուսինէ Աբրահամեան
Հայերն այսօր