Էրտողան Ընդդէմ Կիւլէնի՝ Թեքսասի Դատարաններուն Մէջ. Պայքար Թրքական Երկու Հզօր Ուժերու Միջեւ

Քանի մը տարի առաջ երկու թուրք իսլամիստ պարագլուխներ՝ Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան եւ նշանաւոր սիւննի հոգեւորական Ֆեթուլլահ Կիւլէն համախոհներ էին: Անոնց ընդհանուր թշնամին թրքական զինուորականութիւնն էր: Բայց երբ Էրտողան իր բռնատիրական իշխանութիւնը ամրապնդեց թուրք հրամանատարները ուժաթափ ընելով, ան դուրս եկաւ իր հին դաշնակից Կիւլէնի դէմ: Էրտողան մաքրագործեց եւ բանտարկեց Կիւլէնի հետեւորդները՝ հարիւրաւոր լրագրողներ, դատաւորներ, ոստիկաններ եւ պետական պաշտօնեաներ:

Կիւլէնի գլխաւորած կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին իր համաշխարհային քննութիւնը ընդլայնելու նպատակով՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վարձեց Լոնտոն գտնուող «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» փաստաբանական ընկերութիւնը, ամսական վճարելով 50 հազար տոլար: Փաստաբանական ընկերութիւնը նաեւ կը տրամադրէ իրաւաբանական խորհրդատուութիւն՝ Փենսիլվանիոյ մէջ կամաւոր աքսորեալ Կիւլէնի արտայանձնման համար Էրտողանի վարչակարգի պահանջին վերաբերեալ:

«Մեզ վարձած է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը՝ բացայայտելու Կիւլէնի ցանցի ենթադրեալ ապօրինի գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ», յայտարարած է «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութեան հիմնադիր-գործընկեր Ռոպերթ Ամսթերտամը, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ: «Կիւլէնի ցանցի գործունէութիւնը, ներառեալ անոր ներթափանցումը Թուրքիոյ դատական համակարգ եւ ոստիկանութիւն, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքական լոպիինկը, պէտք է մտահոգէ բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ապագայի մասին»:

Ազդեցիկ փաստաբանի կեղծաւոր ողբը առ «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ապագայ», անհեթեթութիւն է, քանի որ Էրտողան անձամբ ջնջած է ժողովրդավարութեան բոլոր հետքերը Թուրքիոյ մէջ…

Վերջերս մամուլի մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ամսթերտամ յայտարարած է, որ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 100 չարթըր դպրոցներու մէջ գործող Կիւլէնի ցանցը դարձած է դաշնակցային եւ տեղական իրաւապահ մարմիններու քննութեան առարկայ, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ըստ առանձին հայցերու, զորս ներկայացուած են Կիւլէնի հետ կապուած դպրոցներու դէմ, խումբը իբր թէ պարբերաբար զբաղած է ամերիկեան մուտքի արտօնագրերու համակարգի չարաշահումներով»: Թուրքիան ներկայացնող փաստաբանը նաեւ յայտարարած է՝ «Ամբողջ աշխարհի մէջ Կիւլէնի ցանցը կը բանեցնէ հազարաւոր դպրոցներ եւ համաձայնագիր ունի Ափրիկեան Միութեան հետ՝ շրջանին մէջ 1000 նոր դպրոց բանալու վերաբերեալ»:

Այժմ Էրտողանի երկար ձեռքը հասած է մինչեւ Թեքսաս՝ ետեւէն իյնալով «Հարմընի» հանրային դպրոցներու՝ Հիւսթընի մէջ գտնուող ամէնէն մեծ չարթըր դպրոցական համակարգին, որ ունի 30 հազար աշակերտ եւ կը գործէ Կիւլէնի կապուած ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու հետ:

Անցեալ տարուան Նոյեմբերին, «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը հանրային տեղեկատուութեան ներկայացուցած է 90 կէտերէ բաղկացած հարցում, որուն լրացման համար «Հարմընի» ստիպուած կ՛ըլլայ ծախսել 4.5 միլիոն տոլար: Նոյնիսկ երկար ցուցակի կրճատումէն ետք, «Հարմընի»էն կը պահանջուի  690 հազար տոլար՝ զայն լրացնելու եւ այդ տեղեկատուութիւնը տրամադրելու համար: Այժմ Թեքսասի գլխաւոր դատախազը պէտք է որոշէ թրքական պահանջի նպատակայարմարութիւնը:

Կը սպասուի, որ այս շաբաթ «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը 30 էջնոց բողոք ներկայացնէ Թեքսասի կրթութեան գործակալութեան (ԹԿԳ)՝ «Հարմընի»ի դպրոցներուն դէմ: Թեքսասի Օսթըն քաղաքէն լոպիիստ Ճիմ Առնըլտ, զոր Թուրքիա եւս վարձած է, ելեկտրոնային նամակ ուղարկած է Թեքսասի նահանգապետին՝ նշելով, որ այդ բողոքը «կը ներկայացնէ շարք մը մեղադրանքներ «Հարմընի»ի ֆինանսական գործառնութիւններու, անոնց ենթադրեալ ապօրինի գործողութիւններու, նաեւ ԹԿԳի կողմէ նախնական համապարփակ քննութիւն սկսելու պահանջին վերաբերեալ»:

«Հարմընի» հանրային դպրոցներու գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Սոնէր Թարին «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»ին ի պատասխան ըսած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իր դպրոցներուն թիրախաւորումը «ապշեցուցիչ է եւ քաղաքական շարժառիթներ ունի»:

Իսկ մինչ այդ, «Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութիւնը համանման բողոքներ  ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ մէջ Կիւլէնի կապուած «Մակնոլիա» չարթըր տիպի դպրոցներու դէմ՝ «կոչ ընելով Քալիֆորնիոյ կրթութեան բաժանմունքին՝ չարթըրի ցանցի ֆինանսական գործունէութեան լիարժէք քննութիւն կատարել», կը հաղորէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»:

Քոնկրեսական Պրէտ Շըրմըն իր խիստ նամակին մէջ դժգոհած է «Մակնոլիա» չարթըր դպրոցներու դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան յարձակումներէն. «Նախագահ Էրտողան ժխտումն է այն բոլոր լաւ բաներուն, զորս կը ներկայացնեն ամերիկեան դպրոցները: Ան անձամբ հսկայական վնաս հասցուցած է ժողովրդավարութեան՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ»: Քոնկրեսական Շըրմըն նաեւ 26 Ապրիլի իր նամակին մէջ գրած է, որ ««Ամսթերտամ եւ գործընկերներ» ընկերութեան վճարած են տարեկան 600 հազար տոլար՝ «Մակնոլիա» հանրային կրթական դպրոցները վարկաբեկելու համար», եւ որ «տարբեր ժամանակներու մէջ նախագահ Էրտողանի կառավարութիւնն աջակցած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման: Հետեւաբար, չեմ կարծեր, որ ամերիկեան կրթութեան վերաբերեալ աւելի վատ տեղեկատուական աղբիւր գոյութիւն ունենայ, քան նախագահ Էրտողան եւ անոր վճարովի գործակալները», կը հաղորէ «Հիւսթըն Քրոնիքըլ»:

Հիւսթընեան թերթին Թարիմ յայտնած է, որ, ցաւօք, «Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարիւր հազարաւոր տոլարներ կը ծախսէ եւ անթիւ յարձակումներ կը գործէ այդ ամերիկեան դպրոցներու վրայ՝ ստիպելով «Հարմընի»ին համարժէք պատասխան տալ: Աւելի լաւ կ՛ըլլար այդ գումարը եւ ներուժը ծախսուէր ուսանողներու վրայ»:

Ամերիկահայերը կրնան հանգիստ շունչ քաշել եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւիլ  Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Կիւլէնի կազմակերպութեան միջեւ ծաւալած այս ծախսատար եւ խայտառակ դատական պայքարին: Թող անոնք իրենց գումարներն ու ուժանիւթը վատնեն միմեանց դէմ պայքարելով, քան ծախսեն դէպի Թուրքիա ամերիկեան պաշտօնեաներու ամբողջովին վճարուած շռայլ զբօսախնջոյքներու եւ Քոնկրեսի անդամներու լոպիինկի վրայ՝ ընդդէմ հայկական հարցերու…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Յարութ Սասունեան      

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Scroll Up