Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայերուն Օգնութիւնը Հայ Զինուորներուն

Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը օրերս իրենց օժանդակութիւնը ուղարկած են Արցախ` հայ զինուորներուն: Օգնութիւնը բեռնատար մեքենաներով Արցախ հասցուցած է «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ներսէս Գեւոն, որուն ուղեկցած են քանի մը սուրիահայեր:
«Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը, ինչպէս բոլորը, կը ցանկային իրենց հնարաւորութիւններու սահամաններուն մէջ աջակցիլ Արցախին, ըլլալ Հայոց բանակի կողքին: Անոնք խնամքով հաւաքած էին սնունդ, քաղցրաւենիք, հագուստ, զինուորական կօշիկներ, նոյնիսկ գումար տրամադրած էին»,- «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին յայտնած է «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ներսէս Գեւոն եւ աւելցուցած, որ Ապրիլ 30-ին, հանդիպելով ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանին, համապատասխան մարմիներուն փոխանցած են օժանդակութիւնը:
Ներսէս Գեւոն աւելցուցած է նաեւ, որ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարին կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացած են, որ իրենց հայրենասիրական քայլին համար ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան շնորհակալագիրը ստացած են:
Իր խօսքին մէջ «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Ապարանէն իրենց ուղեկցող տղաներուն, որոնք պատրաստակամօրէն ամբողջ ճանապարհին օգնած են իրենց: