Արժանթին Կը Հիւրընկալէ Հայ Բժիշկներու 12-րդ Միջազգային Համագումարը

ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիթիան վստահ է, որ 2017 թուականին իր երկրին մէջ կայանալիք հայ բժիշկներու 12_րդ միջազգային համագումարը կարեւոր է երկկողմ յարաբերութիւններուն համար: Այս մասին դեսպանը նշեց Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանատան եւ ՖԱՅԴԷՔ Արմէնիա հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին:
«Շատ ուրախ ենք, որ նմանատիպ համաժողով կը կազմակերպուի Արժանթինի մէջ: Հայարժանթինեան յարաբերութիւններու զարգացման համար շատ լաւ է: Հայաստան եւս Արժանթինի փոքր մասնիկն է, քանի որ այնտեղ հայկական համայնք կայ: Դեսպանութեան համար մեծ հպարտութիւն է, որ կրնանք աջակցիլ իրադարձութեան իրականացման»,-«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` նշեց Կոնզալօ Ուրրիոլապէիթիան` աւելցնելով, որ համագումարը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարի Մայիսին:
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանի համոզմամբ` համագումարը ոչ միայն փորձի փոխանակման, իրար ճանչնալու հնարաւորութիւն է, այլեւ նպատակ ունի ամփոփելու երկկողմ յաջողութիւնները եւ ուրուագծելու խնդիրները: «Մենք արդէն այսօր յստակ որոշում պէտք է կայացնենք, թէ միւս ժողովին, որը կը կայանայ Պուէնոս Այրէսից յետոյ, 2019 թուականին, ինչպիսի ուղղութիւններ պէտք է քննարկենք: Մեր որոշմամբ` համահայկական գիտաժողովը կը կայանայ Երեւանում:
Խիստ կարեւոր է, որ բժշկական գիտաժողովների մի մասը Ստեփանակերտում է անցկացուելու»,իր ելոյթին մէջ շեշտեց ՀՀ առողջապահութեան նախարարը: ՖԱՅԴԷՔ Արմէնիա հիմնադրամի տնօրէն Նարինէ Հայրապետեան տեղեկացուց, որ ամէն 4 տարին մէկ համաժողովի կազմակերպման համար տարբեր երկիրներ կ’ընտրուին: «Սովորաբար վերջին մի քանի տարիներին այն ԱՄՆում է կազմակերպւում, այս անգամ ուզում ենք ընդգրկել նաեւ առողջապահական ոլորտում Լատինական Ամերիկայի փրոֆէսիոնալներին», աւելցուց ան:
Հայ բժիշկներու 12-րդ միջազգային համագումարը 2017-ին առաջին անգամ պիտի իրականացուի Պուէնոս Այրէսի մէջ: Արժանթինի մէջ համագումարը կը կազմակերպէ եւ կը նախագահէ ՖԱՅԴԷՔ Արմէնիա, FIDEC USA եւ FUNCEI հիմնադրամներու նախագահ, Արժանթինի Վարակաբաններու միութեան եւ Ինֆեկցիոն հիւանդութիւններու պանամերիկեան միութեան համահիմնադիր, բժիշկ Դանիէլ Ստամբուլեան: