Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գործակարգավարական Խորհրդակցութիւն

Մայիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ գործակարգավարական խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:

 Նախարարը անդրադարձաւ ներկայ իրավիճակին եւ խօսեցաւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին` կարեւոր համարելով նախարարութեան ծրագիրներու իրականացման նախապատրաստական փուլի վերջին հատուածին  առաւել հետեւողականօրէն ու արդիւնաւէտ աշխատիլը` ընդլայնելով կապն ու համագործակցութիւնը  համայնքներուն հետ:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ կապուած Սփիւռքի կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու, համայնքներուն կողմէն իրականացուող ձեռնարկները:

 Ներկայացուեցան շաբթուան ընթացքին նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս  կատարուած ընթացիկ աշխատանքները: Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրները համայնքներէն ներս տեղայնացնելու, եւ յառաջիկայ ձեռնարկներու կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց «Արի տուն» ծրագիրի եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական խորհուրդներու նիստերու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի անդրանիկ նիստի յաւուր պատշաճի կազմակերպումը:

 Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ:

Scroll Up