Նամակ Հայ Զինուորին` Գանատայի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանէն (տեսանիւթ)

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան իր ֆէյսպուքյան էջին վրայ տեղադրած է Գանատայի ՀՕՄ-ի վարժարանի նամակ-տեսանիւթը, որ կը ներկայացնենք ստորև.
«Մեր վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտները ուզեցին իրենց զօրակցութեան կոչը ուղղել, մեր հայրենիքի, օր ու գիշեր անձնուրաց պաշտպան քաջարի զօրքին:
Թող որ մեր աշակերտներուն երգը ծառայէ որպէս՝ ներշնչում եւ քաջալերանք: Մերօրեայ Հայ հերոսները թող վստահ ըլլան՝ աշխարհի որ անկիւնն ալ որ ըլլանք, մենք իրենց հետ ենք,:
Երախտապարտ ենք ձեր բոլոր զոհողութիւններուն համար»: