Կլենտէլահայ Աշակերտները Մասնակցած Են Յիշատակի Ձեռնարկին

Ապրիլ 21-ին Կլենտէլի «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան աշակերտները մասնակցած են Կլենտէլի պետական դպրոցներու կրթական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին, որուն նախապատրաստական աշխատանքները իրականացուցած են պետական դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներու «Armenian Club» ակումբը: Մեծ հեղինակութիւն վայելող ձեռնարկին ներկայ եղած է շուրջ 2000 մարդ:
«Ոգեկոչման այս ձեռնարկը արդէն 15 տարուան պատմութիւն ունի եւ ստեղծման օրուընէ ի վեր մեր դպրոցի աշակերտները ամէն տարի պարտադիր կը հրաւիրուին ելոյթ ունենալու»,-«Հայերն այսօրի» թղթակիցին տեղեկացուց «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան եւ աւելցուց, որ երեկոյի ժամանակ անոնք բանաստեղծութիւններ կ’արտասանեն, կ’երգեն ու կը պարեն` հանդիսատեսին ներկայացնելով Հայաստանն ու hայոց վիշտը:
Աւելցնենք նաեւ, որ ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ բոլոր պետական միջնակարգ դպրոցներու հայ աշակերտները, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան սկաուտները, ինչպէս նաեւ օտարազգի շատ աշակերտներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ երգած են «Մեր Հայրենիք» ՀՀ պետական օրհներգը:
Ցուցադրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆի ողջոյնի եւ զօրակցութեան խօսքը հայ ժողովուրդին: