Մեկնարկեց Aurora Dialogues Քննարկումները. ՈՒՂԻՂ

Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս մեկնարկեց Aurora Dialogues քննարկումները, որոնք նուիրուած են աշխարհի մէջ մարդասիրութեան առնչուող ամենահրատապ հիմնախնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Քննարկման կը մասնակցին աշխարհի առաջատար գիտնականներ, բարերարներ, մետիա փորձագէտներ եւ մարդասիրութեան ոլորտի առաջատար մասնագէտներ:
Բացումը կատարեց Էտ Ուիլեըմը որ Հայաստան եկած է Մեծ Բրիտանիայէն եւ այնտեղ գործող ընկերութիւններէն մէկու խորհուրդին անդամ է: Ան նշեց, որ առաջին անգամ Հայաստան կը գտնուի:
«Այս քննարկման նպատակներէն մէկն է` հրապարակայնացնել եւ ուշադրութիւն հրաւիրել մարդասիրական հարցերուն: Նման նախաձեռնութիւնները ուղղուած են ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, անոնց հետեւանքներու վերացման: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հնչած են բազմաթիւ ձայներ` եկեղեցւոյ, լրատուամիջներու, դիւանագէտներու, անհատներու, անոնք բարձրացուցած են այս հարցերը, որոնք անուշադրութեան չմատնուին: Բայց 100 տարի անց ալ մարդիկ կը զարմանան տեղի ունեցածին վրայ»,- Tert.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան:
Հաղորդավարը նաեւ նշած է, որ մասնագէտները այսօր պիտի խօսին իրենց երկրին մէջ քաղաքական անկայունութեան վիճակներու մասին` նպատակ ունենալով ուշադրութիւն հրաւիրելու իրենց երկրին մէջ տիրող իրավիճակին վրայ:
Aurora Dialogues քննարկումներու ժամանակ պիտի հրապարակուին նաեւ The Humanitarian Index (Մարդասիրութեան ցուցանիշ) ամենամեայ համաշխարհային առաջին հարցման արդիւնքները: Հետազօտութիւնը աշխարհով մէկ կ՛ուսումնասիրէ մարդասիրական ճգնաժամերը, անոնց պատճառները եւ այն, թէ որոնք ի վիճակի են լուծելու զանոնք:
Հայերէն թարգմանութիւն