Կրընոպլը Բողոքի ցոյց՝ յանուն Արցախի խաղաղութեան

Ապրիլ 9ին, ընդառաջելով CCAF-ի կոչին, Կրընոպլի հայկական միութիւններու հաւաքականը կազմակերպած էր Արցախի զօրակցութեան բողոքի ցոյց մը՝ դատապարտելով չորսօրեայ պատերազմի ընթացքին Ազէրպաճանի գործադրած ռազմական յարձակումները Ղարաբաղի անմեղ բնակչութեան դէմ։ Կուսակալութեան շէնքին առջեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ֆրանսայի դրօշակները պարզած հարիւրէ աւելի ցուցարարներ համախմբուած էին թշնամիին դէմ իրենց վրդովումը արտայայտելու համար։ Ներկայ էին նաեւ Իզէր նահանգի քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ խորհրդականներ։
Բաբգէն Քհնյ. Ստեփանեանի հրաւէրով ներկաները միասնաբար երգեցին «Հայր Մեր»ը եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհուածներուն յիշատակը։ Այնուհետեւ խօսք առնելով Հայ Մշակոյթի Տան ատենապետուհի Սիրանոյշ Խաչատրեան Արցախին զօրակցելու եւ պայքարը շարունակելու կոչ ըրաւ։ Յաջորդաբար արտայայտուեցան նաեւ Կրընոպլի քաղաքապետարանի խորհրդական Անոյշ Մարտիրոսեան, նախկին երեսփոխան Ռիշար Գազընաւ, Իզէրի երեսփոխան Օլիվիէ Վերան եւ ծերակուտական Էլիան Ժիրօ, որոնք բոլորն ալ դատապարտեցին միջազգային հանրութեան լռութիւնը եւ շեշտեցին հակամարտութիւնը բանակցութեանց ճամբով լուծելու հրամայականը։ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգներու եւ Նունէ Եսայեանի Յաղթանակի երգի ունկնդրութեամբ աւարտեցաւ ցոյցը։
Յաջորդ առաւօտեան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ – ձայնակցելով Փարիզի Առաջնորդարանին – տեղի ունեցաւ Արցախի եւ շրջակայ գիւղերու տուժած ընտանիքներուն եւ հայ զինուորներուն ի նպաստ հանգանակութիւն մը, որ կրկնուեցաւ յաջորդ Կիրակի Ապրիլ 14ին։
Շաքէ Մանուկեան
Նոր Յառաջ