Նիւ Եորքի Թուրքերը Ապրիլ 24-ին Պիտի Հաւաքուին ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

ԱՄՆ-ի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ բնակող թուրքերն ու ատրպէյճանցիները Ապրիլ 24-ին կը պատրաստուին ցոյց կազմակերպել քաղաքին մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին դիմաց:

Ըստ ԱՄՆ-ի մէջ գործող թրքական «Turkishny.com» լրատուական կայքի` «Նիւ Եորքի թրքական համերաշխութեան փլաթֆորմ»-ի կողմէ կազմակերպուող ցոյցը թրքական կողմի պատասխան քայլերէն մէկն է այս օրերուն հայերուն կողմէ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ եւ մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի մէջ կազմակերպուող բողոքի ցոյցերուն:

ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կայքը կը նշէ, որ հայերը Ապրիլ 24-ին եւ մօտակայ օրերուն կազմակերպած բողոքի ցոյցերով կը փորձեն ստիպել երկիրներու կառավարութիւններուն ընդունիլ ցեղասպանութիւնը: Ըստ աղբիւրի`  թրքական կողմի բողոքի ցոյցը նպատակ ունի կանխել ցեղասպանութեան մասին  հայերու կողմէ տարածուող «կեղծ տեղակատուութիւնը»:

Կը հաղորդուի, որ ցոյցը տեղի պիտի ունենայ 2016 թուականի Ապրիլ 24-ին ժամը 12:00-14:00 ինկած ժամանակահատուածին, ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին դիմացի «Dag Hammarskjold» զբօսայգիին մէջ:

 

Scroll Up