Աւստրալիոյ Հայ Համայնքը Արցախին Կ’աջակցի Ոչ Միայն Ֆինանսապէս

Աւստրալիոյ հայ համայնքը ֆինանսական աջակցութիւն կը տրամադրէ ԼՂՀ- ին: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց հայ դատի յանձնախումբի գործադիր ղեկավար Արին Մարգարեան:

«Այժմ ֆինանսական ﬕջոցներու հաւաքագրման գործընթացն է, այն դեռ պիտի շարունակուի եւ ﬔնք ﬔր հաւաքած գումարը կը տրամադրենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Տեղի իշխանութիւնները  կ’որոշեն, թէ որ ուղղութեամբ  ծախսեն գումարը, կարելի է  զինամթերք գնելու,  քանդուած տուները վերականգնելու, տուժած ընտանիքներուն աջակցութիւն տրամադրելու եւ այլն»,-ըսաւ Արին Մարգարեան` նշելով, որ իրենք կապի ﬔջ են Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ-ի մշտական ներկայացուցիչին հետ:

Արին Մարգարեանի խօսքով, իրենք ﬕայն ֆինանսական աջակցութիւն չեն տրամարդեր, Արցախի հարցին հետ կապուած աշխուժօրէն աշխատած են եւ կը շարունակեն աշխատիլ քաղաքական դաշտին մէջ:

«Մենք այլ ծրագիրներ ալ ունինք Արցախի ճանաչման համար: Կը նախատեսենք շարունակել հանդիպուﬓերը Աւստրալիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն հետ: Դժբախտաբար շատ պատգամաւորներ լաւ պատկերացում չունին Արցախի մասին, ես կ’ըսէի լաւ պատկերացում չունին Հարաւային Կովկասի մասին: Հետեւաբար, ﬔնք կը նախատեսենք հանդիպուﬓերը առաւել յաճախակի դարձնել, որ անոնք իմանան իսկութիւնը: Մանաւանդ, որ Ատրպէյճանը Աւստրալիոյ մէջ շատ աշխոյժ կ’աշխատի: Իրենց դեսպանը տարբեր ուղղութիւններով աշխատանքներ կատարելու ջանքեր կը գործադրէ, բայց ﬔնք ալ հետեւողական ենք, ուշադիր, եւ ինչ հակահայկական քայլեր, որ ատրպէյճանական կողմը կը ձեռնարկէ, անպայման կը հակադարձենք»,-աւելցուց Արին Մարգարեան:

Scroll Up