Ազգային Տարրական Դպրոցներու Աշակերտներու Ծաղկամատոյցը. լուսանկարներ

Թեհրանի Հայոց Ազգային մանկապարտէզներու եւ միջնակարգ դպրոցներու, նաեւ «Ակունք» կեդրոնի աշակերտ-աշակերտուհիները, Ս. Սարգիս, Ս. Թարգմանչաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ Ապրիլ 19-ի առաւօտեան ծաղիկներ մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձաններուն, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անմոռաց յիշատակին: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Թեհրանի Հայոց առաջնորդարանի կայք-էջէն:
Ծրագիրները մեկնարկած են ասմունքներով, ապա եղած են խմբերգներ եւ հնչեցուցած լոզունգներ: Աւարտին աշակերտները մուտք գործած են եկեղեցի եւ ստացած են Ս. Հաղորդութիւն: