Հանգանակութիւն Ի Նպաստ Արցախի

Ատրպէյճանական վերջին յարձակումէն ետք Արցախի ժողովուրդին անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Լոս Անճելըսի Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի սկաուտական շարժումը Ապրիլ 8ին կազմակերպած էր ընթրիք-դրամահաւաք մը, մասնաճիւղի «Նազարեան» կեդրոնին մէջ։

Վեթերաններ եւ պատանիներ, Տիկնանց յանձնախումբ եւ մասնաճիւղի վարչութիւն գործի լծուած էին, իսկ կամքէ անկախ պատճառներով բացակայ եղողները նուիրատուութիւններով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին՝ մէկ գիշերուան մէջ հաւաքելով բաւական կոկիկ գումար մը։

Արցախի ներկայ վիճակը ներկայացուցին մասնաճիւղի ատենապետ Հրակ Օհանէսեանն ու Հրաչ Սեփեթճեանը, իսկ ասմունքով ներկաները խանդավառեց Աստղիկ Տատուրեան։

Այս մասին կը յայտնէ Նոր օր:

Scroll Up