Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք Մօնթէվիտէոյի Մէջ

Համահայկական ցասումի այս օրերուն, երբ մեր բոլորի սեւերակէտը ԼՂՀ-ի նկատմամբ թուրք-ազերի բանակի սանձազերցած լայածաւալ եւ գազանաբարոյ գործողութիւններն են և այդ քոչուոր ժողովուրդին դէմ պողպատեայ կամքով ծարացած, մեր յաղթապանց Հայկական Բանակի հերոս որդիներն են, մենք ալ իբրեւ Ուրուկուէյի հայ գաղութ, անմասն չէինք կրնար մնալ այս համազգային պորթկումին դիմաց եւ համագաղութային նախաձեռնութեամբ մը իջանք փողոց, մեր ձայնը լսելի դարձնելու եւ խստօրէն դատապարտելու, Ալիեւներու ահաբեկչական եւ ոճրագործ վարչակարգին դէմ որ, ապաւինելով իր “փեթրօտոլարներու”ն, ազատ համարձակ, կը սպառնայ իր արկածախնդրութեամբ, վտանգի ենթարկել ամբողջ տարածաշրջանը, վայելելով ոչ միայն իր “Մեծ” եղբօր, Թուրքոյ հովանաւորութիւնը, այլեւ գերտերութիւններու լռութիւնը։ Այս մասին «Հայերն Այսօր»ին կը հաղորդէ Կարօ Հէքիմեան:

Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 13 Ապրիլին մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն, Լիպերթատի (Ազատութիւն) վրայ, ուր հարիւրաւոր հայ եւ ոչ հայ ցուցարարներ, որոնց մէջ նաեւ ծերակոյտի անդամ Ռուբէն Մարթինէս Ուէլմօ, պատգամաւոր Տանիէլ Ռաթիօ, Մարդու Իրաւունգներու պաշտպան եւ արտաքին գործոց նախկին փոխ նախարար Պելելա Հէրէրա, զբօսաշրջութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Լիլիան Քէշիշեան, Արժանթինի դեսպանութեան պատասխանատուներէն Ալպերթօ Գառնիկեան, նախագահութեան արդարադատութեան յանձնաժողովի նախագահ Ատեմար Օլիվէրա, Ուրուկուէյի խորհրդարանի հայ փոխ պատգամաւորներ Անթոնիօ Զուլամեան, Խօսէ Լուիս Սաթճեան եւ բազմաթիւ Ուրուկուէյցի բարեկամներ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի քաջարի ժողովուրդին, միանալով բազմահարիւր ցուցարարներուն, որոնք զանազան պաստառներով եռագոյն եւ Արցախի դրօշներով, լեցուցած էին հրապարակը։ Զգալի էր յատկապէս երկսեր երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք կազմակերպուած շարքերով, անցորդներուն յատուկ պատրաստուած թերթօներ կը բաժնէին բողոքի ցոյցի նպատակի մասին։ ԶԼՄ-ներու թէ տեղական եւ թէ միջազգային բազմաթիւ լրագրողներ, հարցազրոյցներ կատարեցին գաղութիս կարգ մը պատասխանատուներու հետ, որոնցմէ շատերը ուղղակի եթերի միջոցաւ։

Արձագանգը թէ՛ գրաւոր եւ թէ՛ բանաւոր լրատուական միջոցներուն եւ անոնց հետաքրքրութիւնը, իսկապէս տպաւորիչ էր։ Հաւաքի ընթացքին Ուրուկուէյահայ երիտասարդական միութիւներու կողմէ պատրաստուած եւ Ատրպէյճանի ոճիրները խիստ դատապարտող յայտարարութիւն մը կարդացուեցաւ։ Հաւաքը շարունակուեցաւ ազգային յեղափոխական, ինչպէս նաեւ Արցախին նուիրուած երգերով։

Scroll Up