Արցախը Մեր Անմիջական Օգնութեան Կարիքը Ունի

Արցախի քաղաքական ահաւոր իրավիճակէն մեկնած, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը կը միանայ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած՝ ի նպաստ արցախահայութեան հանգանակային լայնածաւալ աշխատանքին: Ելեկտրոնային ցանցով նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել  http://ars1910.org/support-for-artsakh հասցէով, իսկ վճարագիրով նուիրատուութիւնները՝ Armenian Relief Society անունով եւ 517 W. Glenoaks Ave., Glendale, CA 91202 հասցէին:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը արդէն իսկ 2 Ապրիլ 2016ին հրապարակեց իր յայտարարութիւնը՝ խստօրէն դատապարտելով Արցախի վրայ կատարուած զինուորական յարձակումները, որոնք բազմաթիւ արցախցիներու եւ զինուորականներու մահուան պատճառ հանդիսացան եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին երկրին: Թէեւ Արցախը քաջաբար կը դիմադարձէ թշնամիին, սակայն աւելի՛ քան երբեք մեր անմիջական օգնութեան կարիքը ունի:

ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ընէ իր մասնաճիւղերուն եւ շրջանի հայութեան արձագանգելու ՀՕՄի ազգանպաստ հանգանակային այս աշխատանքին, իբրեւ թիկունք արցախահայութեան եւ Արցախի ամրապնդման:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, հաճեցէք դիմել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին, կամ գրելով office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէով:

ՀՕՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up