Ընդդիմադիր Գործիչին Թուրքիոյ ՄԷջ Դատի Տուած Են Ղարաբաղի Վերաբերեալ Ըրած Արտայայտութեան Համար

Թուրքիոյ սեւծովեան Կիրեսուն նահանգի համանուն համալսարանի ատրպէյճանական ծագումով տնօրէն Այկիւն Աթթարը թուրք իրաւաբան Ալի Չելիքայայի հետ համատեղ դատական հայց  ներկայացուցած են քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) համանախաահ Սելահաթթին Տէմիրթաշի դէմ:

Անոնք Տէմիրթաշին կը մեղադրեն Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 216-րդ եւ 304-րդ յօդուածներու դրոյթները խախտելու, այսինքն «Ժողովուրդի մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելու» եւ «Պետութեան դէմ պատերազմ հրահրելու» մէջ:

«Հայցին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Տէմիրթաշն իր ռուսաստանեան այցի ժամանակ անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն: Ան Ղարաբաղի մասին արտայայտուած է «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար հանրապետութիւն» ձեւակերպմամբ, որ ճիշդ չէ, քանի որ Ղարաբաղի մէջ երբեք ինքնավար հանրապետութիւն չէ ստեղծուած»,- ըստ Ermenihaber-ի` կը գրէ Hurriyet-ը:

Տէմիրթաշին դատի տալու պատճառ  դարձած է ոչ միայն Ղարաբաղի մասին եղած արտայայտութիւնը, այլ նաեւ  շարք մը միտքեր Սուրիոյ մէջ ռուսական կործանիչի խոցման եւ Քոպանիի դէպքերուն վերաբերեալ:

 

Scroll Up