Սերժ Թանկեան Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն Աջակցելու Կոչ Ուղղած Է

«Ես որոշած եմ գումար մը նուիրաբերել շահոյթ ստանալու նպատակ չհետապնդող այս հիանալի կազմակերպութեան` Փարոս հիմնադրամին, որ հասոյթը 100 տոկոսով կը փոխանցէ տուժած ընտանիքներուն: Կը խրախուսեմ բոլոր անոնց, որոնք աջակցելու ցանկութիւն ունին:
Եւ բոլոր այն ատրպէյճանցիներուն, որոնց Ատրպէյճանի ԱԳՆ շռայլօրէն կը վճարէ իմ էջին վիրաւորական կամ սադրիչ խօսքեր գրելու համար, կը տեղեկացնեմ` ես ջնջելու եւ արգելափակելու կոճակները շատ կը սիրեմ:
Խաղաղութիւն բոլորին»,- կը գրէ araratnews.am-ը` յղում ընելով Սերժ Թանկեանի ֆէյեսպուքեան էջին: