Արցախի Բանակը Գիշերը Ատրպէյճանական Նախայարձակման Երկու Փորձ Կանխած Է

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը յայտարարէ Ապրիլ 6-ի լոյս 7-ի գիշերը ատրպէյճանական զինուժին կողէ շփման գիծին վրայ հրադադարի բազմաթիւ խախտուﬓերու եւ նախայարձակման անյաջող փորձերուն մասին:

«Այս գիշեր ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ արձանագրուած են կրակի դադրեցման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու խախտման բազմաթիւ դէպքեր: Հակառակորդը բացի տարբեր տրամաչափի հրաձագային զինատեսակներու եւ ականանետերու կիրառումէն, ձեռնարկած է նաեւ հետախուզական նախայարձակման գործողութեան երկու փորձ: ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանուﬓերը ժամանակին յայտնաբերած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացման փորձերը եւ վերջիններուս ետ շպրտած ելման դիրքեր»,-ըսուած է ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ հաղորդագրութեան ﬔջ:

Scroll Up