Արցախեան Կողմը Ունի 20 Նահատակ, 26 Զինծառայող Անյայտ Կորած է

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագիծին Ատրպէյճանի սանձահարած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով՝ Ապրիլ 4-ի առաւօտեան ժամը 11-ի դրութեամբ արցախեան կողմի զոհերուն թիւը 20-ն է: Եւս 26 զինծառայող կը համարուի անյայտ կորած: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին նշուած է Լեռնայի Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը կորսնցուցած է 7 հրասայլ, վիրաւորուած է 72 մարդ` զինծառայող եւ քաղաքացիական անձ:

Scroll Up